image

Նեթանիահուի քարտուղար. «Այո՛, մենք որոշ փաստաթուղթեր ոչնչացուցած ենք»

Նեթանիահուի քարտուղար. «Այո՛, մենք որոշ փաստաթուղթեր ոչնչացուցած ենք»

Իսրայէլի կառավարութեան նախկին քարտուղար Ցահի Պրէյվըրման խոստովանած է, որ երբ կը ձեւաւորուէր նոր կառավարութիւնը, ոչնչացուցած է փաստաթուղթեր, որոնք կը պահուէին վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի աշխատասենեակին մէջ:

Համաձայն Haaretz թերթի կողմէ հրապարակուած ձայնագրութեան, Պրէյվըրման ըսած է. «Մեկնիլէս առաջ քանի մը փաստաթուղթ հանեցի եւ տուի իմ տեղակալիս։ Ըսի իրեն, որ հիմա պատռէ զայն: Պատռեց եւ այդպիսով վերջացաւ»։

Պրէյվըրման հերքած է այդ՝ ասելով. «Այդ եղած չէ։ Իւրաքանչիւր գործողութիւն կատարած եմ պարտականութիւններուս շրջանակին մէջ եւ կատարուած է օրինական ձեւով, իսկ որեւէ այլ ակնարկ սխալ է»,

Նեթանիահուի «Լիքուտ» կուսակցութիւնը թուիթըրով պատասխանած է, որ զեկոյցը «կեղծ լուրեր» է, եւ որ Պրէյվըրման նկատի ունէր անձնական փաստաթուղթերն ու պատճէնները, այլ ոչ թէ թուային վաւերացուած փաստաթուղթերու բնօրինակները:

Ան յաւելած է. «Զեկոյցը հրապարակողը եւ ձայնագրողը Լիքուտի եւ Նեթանիահուի ընդդիմադիր դաշինքի անդամ Զվի Հաուզըրի որդին է։ Մենք կ'ակնկալենք, որ Haaretz-ը անյապաղ ներողութիւն կը հրապարակէ այս կեղծ լուրերուն համար»։

Այն ժամանակ Նեթանիահուի գրասենեակի աշխատակիցները 12-րդ ալիքին ըսին, որ «փաստաթուղթերու զգալի մասնատում տեղի ունեցած է իշխանութիւնը Նեթանիահուէն Պենեթին փոխանցելէ քանի մը ժամ առաջ»: