Ամերիկայի Միացեալ նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ներում շնորհած է փաստաբան Էլիս Ճոնսընին, որու ազատ արձակման համար միջնորդած է Քիմ Քարտաշեանը, կը գրէ Fox News-ը:
Թրամփը յայտարարած է Ճոնսընին ներում շնորհելու մասին, անոր դատավճիռը մեղմացուելէն երկու տարի ետք:
Ճոնսընը քրէական իրաւունքի բարեփոխումներու ոլորտի փաստաբան է, ան դատապարտուած էր ցմահ ազատազրկման թմրանիւթերու գործի մասնակցութեան համար: 2018-ի յունիսին անոր դատավճիռը մեղմացուած էր:
Ճոնսընի պատմութիւնը յայտնի դարձած է Քիմ Քարտաշեանի շնորհիւ, որ միջնորդած է Ճոնսընը բանտէն ազատ արձակելու համար:
ԱՄՆ-ի նախագահը նշած է, որ ան մօտ 22 տարի անցուցած է բանտը այն բանի համար, որու համար այսօր շատերը նոյնիսկ ճաղերու ետեւ չեն յայտնուիր: