Մարտ 27-ին Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի թէժ գիծի հեռախօսահամարին ՀՀ ԱԺ պատգամաւորի կողմէ ահազանգ ստացուած է առ այն, որ «Մայր Հայաստան» դաշինքի շտաբին մէջ խուզարկութենէն ետք Գիւմրիի աւագանիի անդամ Էմմա Գրիգորեանը ուժի կիրառմամբ տեղափոխած են «Հակակոռուպցիոն կոմիտէ»: Յայտնած են ՄԻՊ-ի գրասենեակէն:
Նաեւ նշուած է, որ պատգամաւորներուն թոյլ չի տրուիր մուտք գործել «Հակակոռուպցիոն կոմիտէ»:
Պաշտպանի թէժ գիծին ահազանգած է նաեւ փաստաբան, որ եւս յայտնած է, որ կը խոչնդոտուի իր մուտքը վարոյթն իրականացնող մարմին՝ Էմմա Գրիգորեանին իրաւաբանական օգնութիւն տրամադրելու նպատակով:
Պաշտպանի յանձնարարութեամբ «ՀՀ հակակոռուպցիոն կոմիտէ» մեկնած է արագ արձագանգման խումբ՝ տեղւոյն վրայ բարձրացուած խնդիրներու մանրամասնութիւններուն ծանօթանալու, ազատութենէն զրկուած անձի հետ առանձնազրոյց ունենալու նպատակով:
Պաշտպանի աշխատակազմի կողմէ կ՚ուսումնասիրուին նաեւ նշուած դէպքի վերաբերեալ հրապարակային նիւթերը: