image
Հրատապ լուրեր:

ՆԱԹՕ-ն կը ձգտի խաղաղապահներու անուան տակ զօրակազմ մտցնել Հարաւային Կովկաս. Պորթնիքով

ՆԱԹՕ-ն կը ձգտի խաղաղապահներու անուան տակ զօրակազմ մտցնել Հարաւային Կովկաս. Պորթնիքով

ՆԱԹՕ-ն կը ձգտի խաղաղապահներու անուան տակ զօրակազմ մտցնել Հարաւային Կովկաս՝ յայտարարած է Ռուսիոյ անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան տնօրէն Ալեքսանտր Պորթնիքովը՝ Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան անվտանգային մարմիններու եւ յատուկ ծառայութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստին, որ կայացած է Աստանայի մէջ: 

«Ամերիկացիներն ու եւրոպացիներն ակնյայտօրէն շահագրգռուած չեն Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան հաստատմամբ։ Երեւանը Պաքուի հետ բանակցութիւնները ձգձգելուն ուղղելով՝ Արեւմուտքը կը փորձէ գլխաւորել ատրպէյճանա-հայկական կարգաւորման գործընթացը ու հասնիլ տարածաշրջանի մէջ սեփական «խաղաղապահ» զօրակազմի տեղակայման՝ օրինականապէս ՄԱԿ-ի հովանիի ներքոյ, իսկ փաստացիօրէն՝ ՆԱԹՕ-ի»,-ըսած է ռուս պաշտօնեան։

Անոր խօսքով՝ սպառազինութիւններու արտօնեալ մատակարարումներու եւ անվտանգութեան երաշխիքներու դիմաց Արեւմուտքը Հայաստանի կառավարութիւնը կը յորդորէ դուրս գալու ՀԱՊԿ-էն, որ Երեւանը աւելի մեծ կախուածութեան մէջ յայտնուի Հիւսիսաթլանթեան դաշինքէն՝ Պաքուի հետ հետագայ յարաբերութիւններու հարցով: