image

«ՆԱԹՕ» Միջերկրականի Մէջ Զինուորական Մեծագոյն Զինավարժութեան Կը Կատարէ

«ՆԱԹՕ» Միջերկրականի Մէջ    Զինուորական Մեծագոյն  Զինավարժութեան Կը Կատարէ

Լիբանան-(«Ալ Ժատիտ»- Պէյրութ) Ըստ «Ալ Ժատիտ»ին Ատլանտեան ուխտը եւ իր դաշնակիցները, Միջերկրական ծովուն մէջ սկսած են, զինուորական ամենամեծ  զինավարժութեան մը, տասը տարիներէ ի վեր առաջին անգամ կայացող:

Հինգ շաբաթներ տեւող զինավարժութեան կը մասկացին 36 հազար զինուոր, նաւեր եւ օդանաւեր, ցոյց տալու ուխտին ուժը, որ փորձութիւններ(րիսքեր) կը դիմագրաւէ ռուսական զինուորական աճող գոյութեան հանդիման, Պալթեան ծովի շրջանէն մինչեւ Միջերկրականի արեւելքը:

Արդի զօրաւոր գործիքներէն՝ զորս պիտի փորձարկէ զինավարժութիւնը, «Առաջատար ուժը»ն է, կը բաղկանայ օդային, ծովային, մասնաւոր ուժերու հինգ հազար զինուորներէ, արագ տարածուող ուժի շրջագիծէն ներս, որ 40 հազար զինուոր կը հաշուէ:

ՄԱԿ-ի առընչուած Ապահովական Խորհուրդի երեւակայական մարզումի սենարիոն, կը լիազօրէ Հիւսիսային Ատլանտեան ուխտի առաքելութիւնը, օգնել սպառնալիքի ենթարկուած երկիրը եւ ծովերը պաշտպանել:

Այս առթիւ, գնդապետ Ֆիլիպ Պրիտլայֆ, որ Հիւսիսային Ատլանտեան ուխտի զինավարժութեան եւ արդի արագ տարածման փորձարկման ամենամեծ պատասխանատուն է «Յստակ նամակով մը կ'ուղարկէ այս մէկը որեւէ հաւանական յարձակողի»:

Պրիտլայֆ, նախքան օդանաւորդի տարազը հագուիլը, որպէսզի հսկէ տասնեակ պատերազմական օդանաւերու եւ ուղղաթիռներու արձակման, շարունակեց «Որեւէ փորձ Հիւսիսային Ատլանտեան ուխտի անդամի մը ինքիշխանութիւնը խախտելու, պատճառ պիտի դառնայ զինուորական, ճակատագրական բախումի, ուխտի բոլոր պետութիւններուն կողմէ»:

Իր կարգին, Հիւսիսային Ատլանտեան ուխտի փոխ քարտուղար Ալեքսանտր Ֆիրշիպօ ըսաւ «Մտահոգուած ենք ռուսական զինուորական կուտակումով» աւելցնելով «Ուժերու յաւելեալ կեդրոնացումը Կալինկրատի եւ Սով ծովու մէջ եւ ներկայիս Միջերկրական ծովու արեւելքը, յաւելեալ կարգ մը մարտահրաւէրներ կը ներկայացնէ»:

Ուխտի պատասխանատուները հաստատեցին, թէ ուխտը իր քսանութը անդամ պետութիւնները պաշտպանելու կարող է ու պատրաստ, ընդդէմ որեւէ վտանգի:

ՆԱԹՕ-ի Այլ  բարձրաստիճան պատասխանատու  մը , որ մերժած է անունը տալ     ըսաւ ՝«Պէտք է նկատի առնենք, որ Ռուսիան պիտի ունենայ մեծ ներկայութիւն... ունենալով կարողութիւն խանգարել զինավարժութեան եւ ծովային ներկայութեան ազատութիւնը, մատնանշելով, թէ 2014-ին Ղրիմ թերակղզին, որ Ռուսիան կցեց իրեն Ուքրանիայէն առնելով եղած է «զինեալ բերդ»:

Եանս Սթոլթընպրկ Հիւսիսային Ատլանտեան ուխտի ընդհանուր քարտուղարը, Պրուքսէլի մէջ ուխտի պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներուն ժողովին մասնակցելէ առաջ, դատապարտած էր այն ինչ կը համարէր «Ռուսիոյ զինուորական գործունէութեան մտահոգիչ աշխուժացումը Սուրիոյ մէջ»