Շուէտի դրօշը բարձրացուած է ՆԱԹՕ-ի կեդրոնակայանին մէջ՝ ի պատիւ երկրի անդամակցութեան Հիւսիսաթլանթեան դաշինքին:
Այս մասին յայտնի դարձած է երկուշաբթի՝ մարտ 11-ին։
Այսպիսով, Շուէտը դարձաւ ՆԱԹՕ-ի 32-րդ անդամը։
Մարտ 7-ին ուժի մէջ մտած է Հիւսիսաթլանթեան դաշինքին Շուէտի միանալու մասին արձանագրութիւնը։
«Երբ նախագահ Փութինը երկու տարի առաջ սկսաւ իր լայնամաշտապ ներխուժումը, ան կ՚ուզէր, որ ՆԱԹՕ-ն աւելի փոքրանայ, բայց չյաջողեցաւ։ ՆԱԹՕ-ն աւելի ուժեղ կը դառնայ», -ըսած է Սթոլթընպերկը: