ՆԱԹՕ-ի նախկին գլխաւոր քարտուղարը կ'առաջարկէ Վրաստանի եւ Ուքրանիոյ անդամակցութեան նոր տարբերակ:
Դանիոյ նախկին վարչապետ, Հիւսիսատլանտեան դաշինքի նախկին գլխաւոր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն ըսած է, որ Ուքրանիոյ եւ Վրաստանին պէտք է շնորհել անդամի կարգավիճակ, չնայած այն հանգամանքին, որ երկու երկիրները ունին տարածքային չլուծուած վէճեր:
Ռասմուսենի համոզմամբ, այդ նպատակին հասնելու համար կարելի է սահմանափակել ՆԱԹՕ-ի Կանոնադրութեան 5-րդ յօդուածը կիրառելու մեխանիզմը:
«Մենք 2008-ին Վրաստանին եւ Ուքրանիոյ խոստացած ենք տեղ տալ ՆԱԹՕ-ի մէջ, եկած է այդ խոստումը կատարելու ժամանակը: Հարկ եղած պարագային մենք կրնանք այդ ընել յատուկ վերապահումով, փաստաթուղթին մէջ ամրագրելով, որ 5-րդ յօդուածը կը տարածուի միայն Թիֆլիսի եւ Քիեւի հսկողութեան տակ գտնուող տարածքներու վրայ», ըսած է Հիւսիսատլանտեան դաշինքի նախկին գլխաւոր քարտուղարը:
Կանոնադրութեան 5-րդ յօդուածը ՆԱԹՕ-ի հիմքն է, այն կը սահմանէ, որ յարձակումը ՆԱԹՕ-ի անդամ մէկ երկրի վրայ, հաւասարազօր է յարձակման ամբողջ դաշինքին վրայ: Փաստօրէն 5-րդ յօդուածը բոլոր երկիրներուն կը պարտադրէ գործադրել ռազմական կարողութիւնները եւ պաշտպանել դաշնակիցը՝ անկախ անկէ, թէ որ պետութիւնը դարձած է թիրախ:
Բայց ինչպէ՞ս խուսափիլ Ռուսաստանի հետ վտանգաւոր առճակատումէն, երբ Խրիմը բռնազաւթուած է, իսկ Ուքրանիոյ արեւելեան շրջանի զգալի մասը գործնականին մէջ ռուսերու հսկողութեան տակ է: Բացի այդ, Աբխազիան եւ Հարաւային Օսեթիան ռուսներու ռազմական ուժով անջատուած են Վրաստանէն եւ հռչակած են անկախութիւն, որ հզօր պետութիւններէն միայն Ռուսաստանը ճանչցած է:
ՆԱԹՕ-ի նախկին գլխաւոր քարտուղարին փոխանցմամբ, Վրաստանին եւ Ուքրանիոյ անդամութիւն շնորհելով կարելի է պաշտօնապէս նշել, որ Հիւսիսատլանտեան դաշինքը որեւէ պարագային առնչութիւն չունի Վրաստանէն եւ Ուքրանիայէն անջատուած տարածքներու խնդիրին հետ:
«ՆԱԹՕ-ն չի կրնար նոր անդամներու հարցով վարել բաց դռներու քաղաքականութիւն եւ միաժամանակ Վլատիմիր Փութինին փոխանցել դռնապանի իրաւունքը», ըսած է Ռասմուսենը: