Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահու այցելած է Կազայի հատուածի մօտ գտնուող զինուորականներուն եւ հարցուցած անոնց, որ արդեօք անոնք պատրաստ են առաջիկայ յաջորդ փուլին, հաղորդած է Jerusalem Post թերթը՝ վկայակոչելով վարչապետի գրասենեակը:
«Պատրա՞ստ էք յաջորդ փուլին, յաջորդ փուլը կը մօտենայ», - ըսած է Նաթանիահու։
Ան չէ յստակացուցած, թէ ինչ նկատի ունի, սակայն իսրայէլացի հետեւակայինները դրական արձագանգած են վարչապետի հարցին։