Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Միացեալ Նահանգներ հովուապետական այցի ծիրէն ներս, կարճ այցելութիւն մը տուած է Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ գումարուող Ամերիկայի Հայ Իրաւաբանական Միութեան համախմբումին եւ իր խօսքը ուղղած այնտեղ:
Եղելութեան մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ «Կիլիկիա» հարթակէն։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը.
Շաբաթ, 8 Նոյեմբեր 2025-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, հրաւէրով Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ գումարուող Ամերիկայի Հայ Իրաւաբանական Միութեան համախմբումին, կարճ այցելութիւն մը տուաւ եւ իր խօսքը ուղղեց այնտեղ: Ան շեշտեց իրաւաբաններու առաքելութեան կարեւորութիւնը, որպէս պաշտպան արդարութեան ու ճշմարտութեան: Նորին Սուրբ Օծութիւնը միաժամանակ լայն բացատրութիւններ տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թուրքիոյ պետութեան դէմ բացած Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին գծով տարուող աշխատանքներուն մասին: Այս ծիրէն ներս, Հայրապետը յատկապէս շեշտեց հայ դատը իրաւական դաշտ ուղղելու կարեւորութիւնը՝ Սիսի յիշեալ դատը նկատելով առաջին ու վճռական քայլը այդ ուղղութեամբ:
Նորին Սրբութիւնը նաեւ պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն, ապա իր պատուիրակութեան անդամներուն հետ ճաշի հիւրը եղաւ Միութեան։


