Օրերս Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարան այցելած է Մոսկուայի տնտեսութեան նախարար եւ արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու՝ Սերգէյ Չերյեմինը:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի դիւանապետ՝ Հոգշ. Տ. Աղան աբղ. Գոգչեանի դիմատետրի էջէն, ուր եւ մասնաւորապէս գրուած է ՝
«Փետրուարի 17-ին, դէպի Իսրայէլ կատարած իր պաշտօնական այցի ընթացքում, Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարան այցելեց Մոսկուայի փոխքաղաքապետ, տնտեսութեան նախարար եւ արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու՝ Սերգէյ Չերյեմինը եւ հանդիպում ունեցաւ Ն.Ա.Տ. Նուրհան Պատրիարք Մանուկեանի հետ: Տիար Չերյեմինին ուղեկցում էր Իսրայէլում Ռուսաստանի Դաշնութեան Դեսպան Անատոլի Վիքթորովը»: