Օրերս Արցախեան հարցերով հանգամանաւոր հեղինակութիւն համարուող գիտաշխատող Թոմաս Տը Վաալ կարեւոր տեսակէտներով հանդէս եկած է։
Տը Վաալ, որ խօսած է «Ազատութիւն» ռատիօկայանին մասնաւորապէս նշած է, որ Արցախի մէջ եղածներու թիւ մէկ պատասխանատուն Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւն է։
Ան նաեւ նշած է ռուսական խաղաղապահ կողմին թոյլ տուած ամեհի յանցանքները նկատել տալով, որ «Ռուսները վաճառեցին Արցախի ղեկավարութիւնը»։
Ստորեւ Տը Վաալի կարեւոր հարցազրոյցին հիմնական մասը՝ արեւմտահայերէնով։
Տը Վաալ մասնաւորապէս կ՚ըսէ ՝«Եղածը մեծ ողբերգութիւն է։ Սա ըստ էութեան Լեռնային Ղարաբաղի վերջն է։ Մենք գիտենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի պատմութիւնը սկիզբ առած է 1923 թուականին, երբ այն առաջին անգամ հիմնադրուած Խորհրդային Միութեան մէջ, բայց, ի հարկէ, հայկական Ղարաբաղի պատմութիւնը կը սկսի անկէ դարեր առաջ: Անոր ապագան շատ անորոշ է։ Մենք կը տեսնենք, որ հայ բնակչութիւնը կը լքէ Ղարաբաղը։ Սա մեծ ողբերգութիւն է: Եւ մենք կրնանք խօսիլ այն մասին, թէ ով է պատասխանատուն: Ակնյայտ է, որ առաջին պատասխանատուութիւնը կը կրէ նախագահ Ալիեւ, որ ուժ կիրառեց: Բայց ակնյայտ է, որ անկէ զատ մենք կրնանք ետ երթալով տարիներ առաջ՝ տեսնել, թէ ինչը սխալ եղած է: Արդեօ՞ք այս անսպասելի էր: Ոչ, անսպասելի չէր։ Կը կարծեմ, որ մարդիկ ամիսներ շարունակ անհանգստացած էին այս հարցով։ Մենք կը տեսնէինք, որ արեւմուտքի դիւանագէտները կը խօսէին Պաքուի հետ, որ այդ չընէ, ինչպէս նաեւ կը խրախուսէին Ղարաբաղի հայերը խօսելու Պաքուի հետ: Կը կարծեմ, որ այնտեղ բանակցութիւններն իրականին սկսած էին։ Կը կարծեմ, որ Շուշիի մէջ վարուող գաղտնի բանակցութիւններ էին։ Այսպիսով, անոնք իրականութեան մէջ առաջ կ'ընթանային։ Յետոյ մենք պէտք է հարցնենք, թէ ինչը այնպէս չընթացաւ։ Ակնյայտ է, որ նախագահ Ալիեւն իր ձեռքը ունէր բոլոր խաղաքարտերը։ Ան ունէր Ղարաբաղ, որ լիովին մեկուսացած էր։ Այսպիսով, ինչո՞ւ ան համարձակեցաւ անտեսելու Արեւմուտքի յորդորները։ Ան գիտէր, որ այդ անպայման պիտի վնասէ իր յարաբերութիւններուն Արեւմուտքին հետ: Կը կարծեմ՝ պատասխանը պարզ է։ Մոսկուայէն ան կանաչ լոյս ստացաւ։ Ան կը խօսէր Մոսկուայի հետ։ Գործողութեան օրը ռուս խաղաղապահները մէկ կողմ քաշուած էին։ Մոսկուան չդատապարտեց Ալիեւը։ Անոնք դատապարտեցին Փաշինեանը։ Ալիեւ կարողացաւ ըստ էութեան գրաւել Ղարաբաղը։ Կը կարծեմ՝ այս սենար մըն էր, որմէ շատերը կը վախնային, յոյս ունէին, որ հնարաւոր պիտի ըլլայ անկէ խուսափիլ, բայց մենք ունինք այն, ինչ ունինք»։
Նիւթը՝ «Ազատութիւն» ռատիօկայանէն: