image
Հրատապ լուրեր:

Մոսկուա-Ուաշինկթըն նոր բանակցութիւննե՞ր

Մոսկուա-Ուաշինկթըն նոր բանակցութիւննե՞ր

Մոսկուան կ'առաջարկէ Ուաշինկթընին բանակցութիւններ սկսիլ անվտանգութեան երաշխիքներու շուրջ բացառապէս երկկողմանի ձեւաչափով: Այդ մասին ԹԱՍՍ-ի հետ զրոյցին յայտարարած է Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Սերկէյ Ռիապքով՝ շեշտելով, որ այլ երկիրներու ներգրաւումը կ'իմաստազրկէ բանակցութիւնները:

Միեւնոյն ժամանակ, ըստ Ռիապքովին, նմանատիպ իրավիճակ, ինչպիսին Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններուն մէջ է, դեռ երբեք չէր եղած:

«Յոյս ունիմ, որ ամերիկացիները չեն թերագնահատեր այն, թէ որչափ ամէն ինչ փոխուած է, ընդ որում՝ դէպի վատը: Եւ առայժմ, ցաւօք, դեռ չկան նշաններ, որ անոնք պատրաստ են հրաժարիլ իրենց կաղապարներէն», նշած է Սերկէյ Ռիապքով: