image

Մոսկուա-Թել Աւիւ վէճին զուգահեռ ուքրանացիք կարեւորած են իսրայէլեան զէնքը

Մոսկուա-Թել Աւիւ վէճին զուգահեռ ուքրանացիք կարեւորած են իսրայէլեան զէնքը

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հակասեմական աղմկայարոյց արտայայտութիւններէն յետոյ Իսրայէլը, ի վերջոյ, կրնայ սկսիլ զէնք մատակարարել Ուքրանիա: Ի հարկէ` միջնորդաւորուած, երրորդ երկիրներու միջոցով: Այս մասին ըսած է Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակի ղեկավար Ալեքսէյ Արեսթովիչը եւ նշած, որ Իսրայէլը այնպիսի զէնք ունի, որ Ուքրանիոյ տրամադրել չի կրնար ՆԱԹՕ-ն կամ ԱՄՆ-ը:

«Մենք տեսած ենք այդ ամէնը ղարաբաղեան պատերազմին, այդ կիրառած է Ատրպէյճանի բանակը: Օրինակ, Harop կամ Harpy տեսակի կամիկաձէ-տրոններ: Կայ, օրինակ, Spike, հեռահար հակատանկային հրթիռային համալիր, որ թոյլ կու տայ փոխել թռիչքի յետագիծը, վերաթիրախաւորել զայն. ուղղուած էր մէկ հրասայլի դէմ, բայց կրնայ խոցել մէկ այլ հրասայլ: Մենք տեսած ենք Ղարաբաղի մէջ հակատանկային նման շատ սպառազինութիւններ եւ այլն», ըսած է ան: