image

«Մոսկուա Սիթի»-ի աշտարակը հերթական անգամ հարուածի տակ (լուսանկար)

«Մոսկուա Սիթի»-ի աշտարակը հերթական անգամ հարուածի  տակ (լուսանկար)

Այսօր՝ 23 օգոստոսի վաղ առաւօտեան Ուքրանիան երեք անօդաչու թռչող սարքով հերթական յարձակումը գործած է Մոսկուայի վրայ։ Ինչպէս հաղորդած է Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը, ԱԹՍ-ներէն երկուքը խոցուած են Մերձմոսկուայի Մոժայսքի եւ Խիմկիի շրջաններուն մէջ, երրորդը յաջողուած է ճնշել ռատիոելեկտրոնային սարքերու միջոցով, որմէ ետո այն ինկած է «Մոսկուա Սիթի»-ի տարածքին։

Ինչպէս գրած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն՝ յղում ընելով Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան, անօդաչուներէն մէկու բեկորներն ինկած են Խիմքիի շրջանին մէջ գտնուող առանձնատուներէն մէկու վրայ՝ վնասելով տան տանիքն ու ապակիները։ Միջադէպի հետեւանքով, բարեբախտաբար, տուժածներ չկան։

Աւելի վաղ աղբիւրը յայտնած էր, որ «Մոսկուա Սիթի»-ի տարածքին պայթումի ձայն լսուած է, որմէ ետք ծուխ նկատուած է։ Աւելի ուշ պարզուած է, որ պատճառը երրորդ անօդաչուի իյնալը եղած է, որու հետեւանքով վնասուած է «Մոսկուա Սիթի»-ի նոր կառուցուող աշտարակներէն մէկն ու ատոր դիմաց գտնուող բնակելի տունը։

Կը հաղորդուի, որ վնասուած են աշտարակի ապակիներն ու երեւցած են կրակի ու պայթումի հետքեր 10-րդ յարկին վրայ։ Ինչ կը վերաբերի բնակելի շինութեան, ապա այնտեղ վնասուած են միայն երկրորդ յարկի պատուհանները։