image

Մոսկուա արձագանգեց Թուրքիայէն հնչած լուրերուն

Մոսկուա արձագանգեց Թուրքիայէն հնչած լուրերուն

 

Պետական տումայի պատգամաւորները մեկնաբանած են թրքական հեռուստաալիքի եթերին յայտնուած Թուրքիոյ քարտէզը, որուն մէջ ներառուած էին ռուսական տարածքները, կը հաղորդէ ՌԻԱ Նովոստի-ն:

 

Այսպէս, Պետական տումայի պաշտպանութեան հարցերով յանձնաժողովի նախագահի առաջին տեղակալ Անտրէյ Կրասովը կը համարէ, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը մտածեն Օսմանեան կայսրութիւնը վերականգնելու մասին: Ընդ որում՝ ան կասկած յայտնած է, որ Անգարան կը փորձէ միացնել Ռուսաստանի տարածքները՝ ուժային ճանապարհով:

Պատգամաւորը նաեւ կոչ ըրած է թուրք քաղաքական գործիչներուն ուսումնասիրելու Ռուսաստանի պատմութիւնն ու յիշեցուցած է, որ պէտք չէ յաւակնիլ ուրիշներու տարածքներուն:

«Եթէ անոնք կ'ուզեն սեփական մաշկի վրայ ստուգել ռուսական կամքի եւ մեր զէնքի ուժը, թող փորձեն»,-աւելցուցած է Կրասով:

Պետական տումայի միւս պատգամաւոր Պավէլ Շփերովը հաւաստիացուցած է, որ Թուրքիան կ'ուզէ վերադարձնել երեք դար վաղեմութիւն ունեցող ազդեցութիւնն ու չի թաքցներ յաւակնութիւնները Ղրիմի նկատմամբ:

«Սակայն ես չեմ կարծեր, որ այդ կրնայ ինչ-որ կերպով լուրջ քննարկման տեսք ստանալ»,-աւելցուցած է խորհրդարանականը: