image

Մոլտովայի մէջ ՆԱԹՕ-ի զօրավարժութիւններ. Անոնց կը մասնակցի նաեւ Հայաստանը

Մոլտովայի մէջ  ՆԱԹՕ-ի  զօրավարժութիւններ. Անոնց կը մասնակցի  նաեւ  Հայաստանը

Մոլտովայի մէջ մեկնարկած են ՆԱԹՕ-ի Regex 2024 շտաբային զօրավարժութիւնները, որոնց շրջածիրէն ներս արեւմտեան չափանիշերուն համապատասխան ռազմական պատրաստութեան սեմինարներ կը կազմակերպուին, յայտնած է Մոլտովայի պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։

Այս մասին գրած է «ՌԻԱ Նովոստի»ն:

Ատոնց կը մասնակցին ՆԱԹՕ-ի շուրջ 30 գործընկեր երկրի, այդ շարքին Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Պոսնիա եւ Հերցեկովինայի, Ուզպեքստանի, Եգիպտոսի, Յորդանանի Թագաւորութեան, Պահրէյնի, Մարոքքոյի, Ղազախստանի, Փաքիստանի, Թունիսի, Եգիպտոսի, Մալթայի, Ափրիկեան միութեան (Կանա եւ Պենին), ինչպէս նաեւ Մոլտովայի ազգային բանակի շտաբային սպաներ:

Regex 2024 շտաբային զօրավարժութիւնները բաղկացած են ընթացիկ տարուան ընթացքին քանի մը սեմինարներու կազմակերպումէն: Առաջին սեմինարը տեղի ունեցած է փետրուար 16-էն մարտ 1-ը, երկրորդը՝ 2024 թուականի ապրիլ 22-էն 26-ը։ Այժմ մեկնարկած է զօրավարժութիւններու երրորդ սեմինարը:

Ատոնք նպատակաուղղուած են զօրավարժութիւններու ծրագրման եւ կայացման արեւմտեան չափանիշերուն համապատասխան զինուորականներու պատրաստման, ճգնաժամային իրավիճակներու կառավարման, բազմազգ միջավայրի մէջ ուժերու փոխգործունակութեան մակարդակի ամրապնդման եւ գնահատման:

Նշուած է, որ միջոցառումը պիտի աւարտի մայիս 24-ին: