image

Նիկոսիոյ մէջ. Գերշ. Տ. Կոմիտաս արք. Ներկայութիւն բերած է Գերմանիոյ Դեսպանութեան ընդունելութեան

Նիկոսիոյ մէջ. Գերշ. Տ. Կոմիտաս արք. Ներկայութիւն բերած է Գերմանիոյ Դեսպանութեան ընդունելութեան

 Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Կիպրոսի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդը օրերս ներկայ եղած է Գերմանիոյ  միացման 34-րդ տարեդարձին առթիւ սարքուած ընդունելութեան։

 Ասոր մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Թեմի Դիմատետրեան  պաշտօնական էջէն։

 

 Ստորեւ այդ մասին կատարուած գրառումը։

 Չորեքշաբթի 3 Հոկտեմբերին, Գերման Դաշնային Հանրապետութեան դեսպան Տ. Անգէ Շլիմանի յատուկ հրաւէրին ընդառաջելով, Կիպրոսի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Կոմիտաս արք. Օհանեան, ընկերակցութեամբ Ազգ. Իշխանութեան ատենապետ պր. Սեւակ Կիւրիւնլեանի , ներկայ եղան դեսպանատան ընդունելութեան։ Այս առթիւ Հայ Եկեղեցւոյ անունով շնորհաւորեցին Դեսպանն ու դեսպանատան անձնակազմը , արեւելեան եւ արեւմտեան Գերմանեաներու միացման 34-րդ տարեդարձին առիթով։