image

Մրցափուլի թէ մրցումի աւարտ

Մրցափուլի թէ մրցումի աւարտ

Երէկ յաղթական Արցախը այսօր պարտուած Հայաստանի կցորդ իսկ չէ։ Մինչդեռ Երեւան դեռ կը շարունակէ յանուն Արցախի բանակցիլ, զիջիլ, եւ դարձեալ, ոչ ոք կ’ընդունի, որ ինք ձեռքերը լուացած է եւ չորցուցած Արցախի պայքարին համար թափուած արիւնէն։ 

Ոչ ոք միջազգային ուժերէն կ’ուզէ Արցախը խօսակից ունենալ, այլապէս պիտի ստիպուէին ընդունիլ ինքնորոշման տիեզերական կարգով ճանչցուած անոր իրաւունքը։ 

Եզրակացութիւնները պիտի ուզէինք վերապահել քեզի սիրելի ընթերցող։ 

Հայ ժողովուրդը իմաստուն խօսք մը ունի. եղունգ ունիս՝ գլուխդ քերէ... 

Մեր եղունգը՝ այս կամ այն կերպով միշտ պիտի կտրեն, եթէ զայն բազմաշերտ պաշտպանութեան տակ չառնենք...

Երկար-բարակ այս տեղեկատւութեամբ փորձեցինք ամփոփել անցած ինն ամիսներու անդոհանքի հանգուցալուծման իրագործուող մոդելը։ Ի՞նչ կը շահի Արցախը եւ ինչ կը կորսնցնէ, թերեւս կանուխ է ամփոփել, սակայն յստակ է, որ ներկայ դրութեամբ Ռուսիա կը փորձէ իր դէմքը փրկել՝ ինչ որ նախաձեռնութիւն յաջողցնելով, փոխան 2020-ի Նոյեմբերի 9-ի պայմանագրով իր ստանձնած ու չկատարած պարտաւորութեան, որ այս պարագային կը վերաբերի Լաչինի հինգ քիլոմեթր լայնքով միջանցքը ռուս խաղաղապահ ուժերու հակակշռին ենթակայ պահելուն։ 

Ատրպէյճան կը փորձէ Արցախը առանց այլեւայլի իրեն ենթարկել, ինքնորոշուած եւ անկախ պետականութիւն հաստատած ազգաբնակչութեամբ հանդերձ։ Այսինքն՝ անցած 35 տարուան պայքարը իր օգտին աւարտել, ստանալով աւելին քան ունէր պայքարի սկիզբը, ոչ միայն Արցախի հաշուով, այլ նաեւ Հայաստանի Հան-րապետութեան։

Արցախ՝ ընդհակառակը, կը յուսայ ի վերջոյ աշխարհին ընդունիլ տալ իր անկապտելի եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած ինքնորոշուելու իրաւունքը, որ նախապէս կը վայլէր պաշտօնական Երեւանի աջակցութիւնը։ 

Ցարդ վճռորոշ խօսք ունեցած միջազգային որեւէ ուժ՝ գլխաւորութեամբ ԱՄՆ-ի եւ Ռուսիոյ, չէ ճանչցած ո՛չ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը, ո՛չ կատարած ընտրութիւններու արդիւնքները, ո՛չ ալ ինքնու-րոյնութիւնը։ Մինչեւ 2018՝ միջնորդաւորուած բանակցութիւնները գերազանցապէս իր սանձազերծած պատերազմին պարտուած Պաքուի վարչակարգի կորսնցուցած հողերը վերադարձնելու շուրջ էին, ուր կը փորձուէր փոխարէնն ստանալ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչում։ 2020-ին թուրք-ատրպեճանական տանդեմն արգելազերծուած գտաւ պատերազմով իր կամքը եւ լուծման տարբերակը հայոց պարտադրելու ճամբան, շնորհիւ Երեւանի «յեղափոխական» իշխանութիւններու վարած «իմաստուն» քաղաքականութեան եւ «դիւանագիտութեան»։ 

Աշխատանքը պէտք է դատել իր արդիւնքէն, ոչ թէ պոռոտախօսութեամբ։

Երէկ յաղթական Արցախը այսօր պարտուած Հայաստանի կցորդ իսկ չէ։ Մինչդեռ Երեւան դեռ կը շարունակէ յանուն Արցախի բանակցիլ, զիջիլ, եւ դարձեալ, ոչ ոք կ’ընդունի, որ ինք ձեռքերը լուացած է եւ չորցուցած Արցախի պայքարին համար թափուած արիւնէն։ 

Ոչ ոք միջազգային ուժերէն կ’ուզէ Արցախը խօսակից ունենալ, այլապէս պիտի ստիպուէին ընդունիլ ինքնորոշման տիեզերական կարգով ճանչցուած անոր իրաւունքը։ 

Եզրակացութիւնները պիտի ուզէինք վերապահել քեզի սիրելի ընթերցող։ 

Հայ ժողովուրդը իմաստուն խօսք մը ունի. եղունգ ունիս՝ գլուխդ քերէ... 

Մեր եղունգը՝ այս կամ այն կերպով միշտ պիտի կտրեն, եթէ զայն բազմաշերտ պաշտպանութեան տակ չառնենք...

 

 

Զաւէն Լիյլոզեան 

«Յուսաբեր»