image

12-ամեայ Սամուէլի հպարտառիթ կատարումը ֆրանսական «Ձայնը» մրցումին

12-ամեայ Սամուէլի հպարտառիթ կատարումը ֆրանսական «Ձայնը» մրցումին

Հայաստանէն 12-ամեայ Սամուէլի կատարմամբ հայերէն երգը գրաւած է Ֆրանսայի մանկական «Ձայնը» նախագծի ժիւրիին։ Փաթրիք Ֆիորին, Ճենիֆըր Պարթոլին եւ գնչու երգիչ Քենժի Ժիրաքը չեն կրցած զսպել իրենց յոյզերը։

Սամուէլը կատարած է Արաբօ Իսպիրեանի «Տունն իմ հայրենի» երգը։ Տղան այս ստեղծագործութիւնն ընտրած է ի նշան յարգանքի իր արմատներուն հանդէպ, ինչպէս նաեւ Փաթրիք Ֆիորիին մտովի Հայաստան տեղափոխուելու հնարաւորութիւն տալու համար։

«Ան հայերէն կ'երգէ»,- զարմանքով նշած է Փաթրիքը։

Ամէն պարագայի, Սամուէլին՝ կոճակը սեղմելով առաջինն ընտրած է երգչուհի Ճենիֆըր Պարթոլին։

- Ես չէի գիտեր, որ սա հայերէն է, ես պարզապէս կը վայելէի մեղեդին… Ինչի՞ մասին է այս երգը,– հարցուցած է ան։

- Սա օտարականի երգ է, որուն հայրենիքը մնացած է սրտին մէջ,- պատասխանած է Սամուէլը։

- Շատ լաւ երգ է։ Ի դէպ, ես նոյնիսկ չէի գիտեր, որ Փաթրիք Ֆիորին հայ է։ Իսկ առահասարակ այս երգն ինծի գնչուներու արեւելեան երգերը յիշեցրեց,- նշած է ծագումով գնչու, Ֆրանսայի մէջ յայտնի երգիչ Քենժի Ժիրակը։

- Կը հասկանա՞ս ինչի մասին կը խօսին,- Փաթրիք Ֆիորիին դիմած է Քենժին։

- Ի հարկէ,- պատասխանած է ան։

Ֆիորին, որ Ճենիֆըրէն ետք սեղմած է կոճակը, եւս հիացած էր։ «Ես կը հպարատանամ քեզմով։ Հայաստանը երկիր է, որուն ես կապուած եմ։ Այն իմ արմատներուն մէկ մասն է։ Քեզի կ'առանձնացնեն համեստութիւնն ու լաւ դաստիարակութիւնը»,- ըսած է ան Սամուէլին, որ անոր խումբը ընտրած է։ Ի պատասպան, Փաթրիքը հիացած ըսած է. «Շատ, շատ բարեւ»։

Ի դէպ, Սամուէլը Ֆրանսա տեղափոխուած է, երբ ան վեց տարեկան էր եւ կ'ապրի Մարսէյլի մէջ։