ՀՀ Սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Մխիթար Հայրապետեան այսօր ընդունած է այցելութիւնը «Պայքար» շաբաթաթերթի վարիչ տնօրէն ՝Պայծիկ Գալայճեանը։
Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է սփիւռքի նախարարութեան կայքէջ ՝«Հայերն այսսօր»ը։ Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ Գալայճեան նախարարին փոխանցած է, որ Հայաստանի ապրիլեան զարգացումներու առաջին օրէն ի վեր «Պայքար» ողջունած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած «թաւշեայ յեղափոխութիւն»ը ու նաեւ իր ընթերցողները իրազեկ դարձուցած տեղի ունեցող դէպքերուն մասին։
Իր կարգին նախարար Մխիթար Հայրապետեան ընդգծած է, որ «Առանց Հայաստանի աջակցութեան սփիւռքում շատ խնդիրներ չեն կարող լուծուել: Հայաստանը պէտք է լինի համակարգողի, ներգրաւողի, կամուրջ հանդիսացողի դերում, ի հարկէ, փոխադարձ պատասխանատւութեան վրայ հիմնուած համագործակցութեամբ»։
Նշենք, որ աւելի քան 25 աշխատակիցներու ամպիոն հանդիսացող «Պայքար» ը կը համարուի հայ մտաւորականութեան կարեւոր ամպիոններէն մին։