image

Միրզոյեան ցաւակցած է Թուրքիոյ Արտաքին Գործոցին

Միրզոյեան ցաւակցած է Թուրքիոյ Արտաքին Գործոցին

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ցաւակցութիւն յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուին` Թուրքիոյ հանքահորերէն մէկուն մէջ 15 հոկտեմբերին տեղի ունեցած պայթումի համար, որ խլած է աւելի քան 40 մարդու կեանք։

 

«Անկեղծ ցաւակցութիւն բոլոր անոնց, որոնք կորցրել են իրենց հարազատներին #Պարթինի ածխահանքի վթարի ժամանակ։ Վիրաւորներին շուտափոյթ ապաքինում»,- թուիթ ըրած է Միրզոյեան։

 

Թուիթըրի էջին Չաւուշօղլուն պատասխանած է Միրզոյեանին․«գրելով․ «Շնորհակալութիւն նախարարին անկեղծ ցաւակցական ուղերձի համար»։