Անցած շաբաթ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ) Ելեւմտական կեդրոնն սկսած է պատուաստման արշաւի առաջին փուլը: «Առաջնահերթ խումբի» շարքին են 60-ն անց մարդիկ, քրոնիկ հիւանդութիւններ ունեցող մարդիկ եւ շարքային աշխատաւորներ:
Ի տարբերութիւն ԱՄԷ մայրաքաղաք Ապու Տապիի, որ նախընտրած է Sinopharm-ի պատուաստանիւթը, Տուպայը նախընտրած է Pfizer-BioNTech-ի արտադրութեան պատուաստանիւթը:
Տուպայը, որուն բնակչութիւնը 2019-ին կազմած է աւելի քան 3,3 մլն մարդ, խիստ տուժած է «Քորոնա» ժահրէն, որ վնաս հասցուցած է զբօսաշրջութեան, անշարժ գոյքի եւ առեւտուրի ոլորտներուն: