image
Հրատապ լուրեր:

Ես ու ինքս՝ նոր տարուան սեմին



Ես ու ինքս՝ նոր տարուան սեմին



Վերջերս գրիչս ու ես օտարացած ենք. հազուադէպ կը բարեւենք զիրար ու երկար ժամանակով կը հեռանանք իրարմէ։ Պատճառը գիտեմ, բայց ճարը չունիմ։ Կեանքի տհաճ «կատակները» կլանած են էութիւնս, անդամալուծելով ամէնէն հաւատարիմս՝ գրիչս, որ իր վեցամեայ հարազատութեամբ դարձած է իմ լաւագոյն բարեկամս: Կը սիրեմ զինք, որովհետեւ հաշտ ու հլու կը լսէ ինծի ու կը նօթագրէ միտքերս ու յոյզերս առանց որեւէ հարցաքննութեան կամ դատաստանի։ Ան Հաւատարիմ ու անբաժան ընկերոջ մը գոյութենէն  աւելին է ինծի համար։ Երբ, որեւէ նիւթ մը հետաքրքրութիւնս կը շարժէ, գրիչս կրնայ ամենայն հմտութեամբ ըմբռնել  շարժերը ու նոյնութեամբ փոխանցել իմ շուրջիններուս։ Այո՛, նկատի ունիմ հոգիիս շարժերը, որոնք երբեմն հազիւ երերուն, բայց յաճախ երկրաշարժի մը տպաւորութիւնը կը կրեն։ 

Երկրաշարժ բառը ինծի կը յիշեցնէ արաբական ֆիլմ մը, ուր դերասանը իր զգացած սիրոյ ուժգունութիւնը  յայտնելու համար իր սիրուհիին կ՚ըսէ. «Դուն էութիւնս երկրաշարժի մատնեցիր» (انتِ زلزلتِ كياني): Ես պատանուհի էի, թէեւ այդ  խօսքը զիս շատ տպաւորեց, բայց օրին չըմբռնեցի անոր իսկական տարողութիւնը։ Ամենայնդէպս չեմ յիշեր, եթէ երիտասարդը խօսքերու սահմանէն անդին անցնելով  իր սէրը գործնականապէս օրիորդին փաստեց, թէ ոչ, կամ եթէ ան տեղեակ էր, որ սէրը դուռ մը չէ, որ հեքիաթներու  դռներուն նման գաղտնաբառով մը կը բացուի, այլ՝ օրիորդի մը սիրտը կը նմանի ամրոցի մը, որ պէտք է պայքարելով գրաւել:  

Հիմնուելով տարիներու փորձառութեանս վրայ, այժմ գիտեմ, որ միայն սէրը , կամ դրական զգացումները չեն, որոնք անհատի մը էութիւնը երկրաշարժի կ՚ենթարկեն, այլ կան շարան մը յոյզեր, իրողութիւններ, պատահարներ, որոնք անողոքաբար կը յարձակին մեր վրայ, կը ցնցեն, կը թունաւորեն, կ՚ընկճեն, խլելով մեր ներաշխարհին  խաղաղութիւնը, առողջութիւնը, եռանդը, նոյնիսկ գոյատեւելու իղձը: Յաջորդաբար կը փլուզուի անհատին  համար վարժութիւն դարձած՝ ընթացիկ առօրեան (daily routine): Հոս կարող է հարց տանք, թէ կարեւո՞ր է ունենալ յստակ routine մը: Կրկին յենուելով փորձառութեանս վրայ կրնամ ըսել, ԱՅՈ: Նոյնիսկ երկրագունդը ունի իր routine- ը եւ ամենօրեայ  դրութեամբ՝ նոյն ռիթմով ու հաւասարակշռուած դարձքերով կը գալարուի իր վրայ ու արեւին շուրջ: Նոյնպէս ալ մենք  կարիքը ունինք յստակ routine- ի մը, որ կը ծառայէ, որպէս մղիչ խթան՝ առաւօտուն զարթնելու, գօտեպնդուելու, անտեսելու բոլոր տեսակի ցաւերը, որպէսզի ունենանք կենսունակ ու արդիւնաւէտ օր մը: Վա՜յ թէ այդ routine- ը անկախ մեր կամքէն խախտուի կամ կորսուի: 

Տօնական օրերուն սեմին ենք եւ  բոլորիս մօտ կայ սպասուած ուրախութիւն մը, միաժամանակ մեր ներաշխարհը ալեկոծող յոյզեր, յուշեր, կարօտ եւ մասամբ թերահաւատութիւն ու դժգոհանք: Դժգոհ ենք աշխարհի վրայ տիրող տաղտկալից, տագնապալից ու անապահով իրավիճակէն: Տիրող անարդարութիւնը, «ուժեղներուն խաղերը», անմեղին թեւաթափ վիճակը, մեր մօտ կ՚առաջացնեն անզօրութեան, պոռթկումի ու ընդվզումի ժայթքեր, որոնք կը դառնացնեն մեր առօրեան եւ կը սպառնան գողնալ նոյնիսկ տօնական օրերուն առթելիք խինդն ու լաւատեսութիւնը: 

Անցեալ տարի, նոյնպէս խոր անձկութեամբ ու դրականութեամբ սպասեցինք նոր տարին: Աղօթքներ մրմնջացինք, որոնք մեր փափաքներուն խնդրագիրը ըլլալէ բացի ուրիշ ոչինչ էր: Տարուան ընթացքին անոնք չիրականացան, յուսախաբութիւններ ապրեցանք, տրտնջացինք, գանգատեցանք եւ շատ յաճախ ըսինք. «Տէրը խուլ էր ու ժլատ. աղօթքներս անտեսեց ու փափաքներս արհամարհեց»։ Այսօր՝ նոր տարուան սեմին, շատերս անդրադարձանք, որ սխալ էինք, քանի որ մեր խնդրանքները ի նպաստ մեզի չէին եւ Տէրը կանխեց մեր ապագայ գլխացաւանքը: 

Այսօր մղոններու արգելքը անտեսելով վերադարձած եմ տունս, բայց ոչ որպէս տանտէր, այլ՝ այցելու: Այցելու մը, որ առանձնութեան կալանքին մէջ կը փորձէ գտնել նոր պատասխաններ…: Հանելուկներ չկան, այլ՝  կանխափորձերով իմացուած իրականութիւններ, որոնց դառնութիւնը տակաւին չեն լքած քիմքս: Կարիք չկար վերադատ ատեանին, որովհետեւ նախնական վճիռը իրաւացի էր: 

Մթութիւն եւ երկու ճամպրուկ քարշ կու տամ երկու ցամաքամասերու միջեւ եւ կաթիլ մը յոյսով կը կնքեմ ճանապարհս։ Կապոյտ Միջերկրականին անցեալի կախարդանքը նուազած է. բացակայութիւնս շատերուն համար դարձած է սովորական ու վարժութիւն: Եւ ահա մտորումներս՝ ալիքներու նման կը թաւալին ու տարին ամբողջ շարժապատկերի մը սահիկներուն նման կը պատկերուի դէմս: Դէմ յանդիման կը դիտեմ ես ինծի՝ անշպար, անպաճոյճ, բանտուած կիրքերով, մնջախաղի մը գաղտնապահութեամբ, պահուըտելով ցաւոտ ու անկարգ ներկայիս մէջ, միաժամանակ պեղելով բազմաշերտ ու անորոշ ապագաս, որ տեսանելի է միայն Բարձրեալին աչքով։

 Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Ծնած եմ Պէյրութ ընթերցասէր ընտանիքի մը մէջ: Գ...