«Bloomberg» լրատուական գործակալութիւնը յօդուած մը հրապարակած է, ուր դիտել տուած է, որ Իսրայէլի սահմանակից շրջաններէն մէկուն մէջ պատերազմի բռնկման վտանգը կը սաստկանայ:
Թերթը անդրադարձած է Իսրայէլի կողմէ Սուրիոյ հետ սահմանին զինամթերքի տեղադրման այն պահուն, երբ Սուրիոյ պատերազմը նոր հուն սկսաւ ստանալ, եւ կառավարական բանակը հասաւ մինչեւ Կոլանի սահմանակից շրջաններ:
Աղբիւրին կարծիքով, տարածաշրջանին մէջ նոր պատերազմ կրնայ բռնկիլ այն պատճառով, որ Սուրիոյ բանակին օժանդակող իրանեան ուժերը հասան մինչեւ իսրայէլեան սահմաններ, իսկ Ռուսիոյ ռազմական միջամտութեան շնորհիւ Սուրիա զերծ կը մնայ Իսրայէլի հետ անմիջական պատերազմի մէջ յայտնուելէ:
Աղբիւրին փոխանցմամբ, յառաջիկայ չորեքշաբթի օր Իսրայէլի վարչապետ Բենամին Նաթանիահու Ռուսիա պիտի այցելէ, պահանջելու համար իրանեան ուժերու հեռացումը Սուրիայէն, ինչպէս նաեւ 1974 թուականին ստորագրուած լարուածութեան վերացման համաձայնագիրի կիրառումը Սուրիոյ կողմէ: Թերթին կարծիքով, հակառակ անոր, որ երկու պահանջներն ալ դժուար իրագործելի են, սակայն չգործադրուելու պարագային Միջին Արեւելքի ականատես պիտի ըլլայ տարածաշրջանային առաջին խոշոր պատերազմին: