image
Հրատապ լուրեր:

Միջազգային ընտանիքը կ'ողջունէ հայ գերիներու վերադարձը

Միջազգային ընտանիքը կ'ողջունէ հայ գերիներու վերադարձը

Եւրոմիութեան Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ Թուիթըրի մէջ գրած է․ «Ատրպէյճանի կողմէ 8 հայ ձերբակալուածներու ազատ արձակումն ու հայրենադարձումը Ֆրանսայի ու Ատրպէյճանի նախագահներուն եւ Հայաստանի վարչապետին հետ հանդիպմանս յաջորդած դրական զարգացումներու եւս մէկ նշան է: Եւրոմիութիւնը կը սատարէ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ բարգաւաճման»:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնն ալ, նոյնպէս Թուիթըրի մէջ, գրած է․ «Ութ հայ ձերբակալուածներ ազատ արձակուեցան Ատրպէյճանի կողմէ եւ Պաքուէն տեղափոխուեցան Երեւան: Անոնք կը վերագտնեն իրենց ընտանիքները, որոնցմէ բաժնուած էին ամիսներ առաջ: Շնորհակալութիւն այս գործողութեան մէջ համախմբուած մեր դիւանագէտներուն, ինչպէս նաեւ զինուորականներուն: Կը շարժինք յառա՛ջ»:

Թուիթըրի մէջ գրառում կատարած է նաեւ Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը․ «Կ'ողջունենք հայաստանցի ձերբակալուածներու ազատ արձակումը Ատրպէյճանի կողմէ: Կարեւոր մարդասիրական արարք, որ կը յաջորդէ Ատրպէյճանի նախագահին, Հայաստանի վարչապետին, Ֆրանսայի նախագահին եւ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահին` Ուրբաթ օր կայացած քառակողմ հանդիպման»: