image

Միայն պատասխան կրակ...

Միայն պատասխան կրակ...

ՀՀ ԶՈՒ ԳՇ վարչակազմակերպչական վարչութեան տեղեկատուութեան բաժնի պետ, գնդապետ Սամուէլ Ասատրեանը 168.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ մեկնաբանած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած տեղեկութիւները հայկական կողմէն ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ կրակ բանալու վերաբերեալ:

«Այսուհետ ատրպէյճանական ապատեղեկատուութիւններին մէկ պատասխան ունենք` հայկական զինուած ուժերը միայն պատասխան կրակ են բացում` հակազդելու հակառակորդին»,-ըսած է Սամուէլ Ասատրեանը:

 

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները կը շրջանառեն այդ երկրի պաշտպանական գերատեսչութեան տարածած տեղեկատուութիւնն առ այն, թէ, իբր, հայկական կողմը 25 Յուլիսին՝ ժամը 15.30-ի սահմաններուն, Վարդենիսի տարածաշրջանի Վերին Շորժային մօտ դիրքերէն դիպուկահար կրակ բացած են Քելբաջարի (Քարվաճառ) շրջանի ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ, եւ որ ատրպէյճանական կողմը կորուստներ չունի: