Լիբանանի մէջ շատ տարածուած խարման է այս, որ հայերէն կը կոչուի նաեւ ժորի, խռնիկ, իսկ ծառը կը կոչուի ժորենի, ոսկեպտղի, կակենի:
Յոյները զայն կոչած են διόσπυρος, այսինքն՝ diospyros, որ կը մեկնաբանուի իբրեւ աստուածային (dios) պտուղ (pyros) կամ ցորեն, իմա՝ ուտեստ, ուրեմն՝ աստուածահաց կամ աստուածակեր:
Ֆրանսերէն՝ plaquemine, figue caque, անգլերէն՝ persimmon, caque fig:
Աճած է Ծայրագոյն Արեւելքի, մասնաւորաբար Չինաստանի, Ճափոնի ու Քորէայի մէջ, ուրկէ հետզհետէ տարածուած է քիչ մը ամէն կողմ եւ բոլոր ցամա-քամասերու վրայ: Մշտադալար է եւ ունի հարիւրաւոր ցեղեր:
Անոր թարմ պտուղի կողքին, որ գնահատուած է թէ՛ մարդուն, թէ՛ այլազան կենդանիներու կողմէ եւս, Ճափոնի մէջ շատ տարածուած է չորցուած արքայանարինջի չիրը:
Իսկ անոր տերեւները կը գործածուին իբրեւ թէյ:
Շատ գնահատուած է նաեւ անոր փայտը, որ ունի եբենոսային ընտիր յատկութիւններ. կը գործածուի մասնաւորաբար լարային նուագարաններու, դգալի ու դանակի, նետ ու աղեղի, գեղարդի ու մականի, ինչպէս նաեւ մարզական այլ պիտոյքներու պատրաստութեան մէջ:
* * *
Արքայանարինջը յաջողութեամբ մշակուած է արդի Հայաստանի մէջ եւս:
Արդէն կը պատրաստուի անոր արտահանումը:
Պիտի արտահանուի մասնաւորաբար Իջեւանի տարածաշրջանի մէջ աճեցուող արքայանարինջը: Կ’ակնկալուի, որ յարակից համայնքներուն մէջ յառաջիկայ տարիներուն տնկուին արքայանարինջի քանի մը հազար հեկտար այգիներ:
Ծանօթ.- Միջին արեւելահայը ունի խուրմա բառը,- որ պարսկերէն կը նշանակէ արմաւ,- եւ ասով հաւասարապէս կ’անուանէ թէ՛ արքայանարինջը, թէ՛ բուն արմաւը՝ յատկապէս չորը:
Այս ալ կը նշանակէ, որ երբ արեւելահայուն հետ կը խօսինք, պարտինք ճշդել, թէ ո՛ր խուրմա-ն ի մտի ունի ան:
Ի բացառեալ...
«Նոր Մարմարա»-ն իր 10/5/2025-ի թիւին մէջ ունի հետեւեալը.
--«Անոնք փոխեցին իրենց անունները... ի բացառեալ երկու պապերէ»:
Հայերէնը՝ գրաբար թէ աշխարհաբար, չունի «ի բացառեալ» բառակապակ-ցութիւնը, որուն կը հետեւի ենթադրեալ պապերէ բացառական հոլով խնդիր մը:
Այլ խօսքով՝ ամէն ինչ սխալ ու յերիւրածոյ է այստեղ:
Եւ միայն «Նոր Մարմարա»-ն չէ այս սխալը գործողը:
Գրաբարը ունէր՝ «ի բաց առեալ», որ բառացի կը նշանակէ.
--Դուրս՝ մէկ կողմ դրած/դնելով, դուրս ձգած/ձգելով, զատած/զատելով իր նմաններէն:
Աշխարհաբարը նոյնութեամբ որդեգրած է զայն:
Այլ խօսքով ունի ներգործական սեռի դերբայական արժէք:
Հետեւաբար կը պահանջէ հայցական հոլով ուղիղ խնդիր.
--Բոլորը մասնակցեցան խաղին՝ ի բաց առեալ կրտսեր մանչը:
--Ան թոյլատրեց ուտել բոլոր ծառերէն՝ ի բաց առեալ գիտութեան ծառը:
--Բոլոր ռազմիկները արժանացան պատիւի՝ ի բաց առեալ գերիները:
Ուրեմն «Նոր Մարմարա»-ի օրինակը պարտէր ըլլալ.
--«Անոնք փոխեցին իրենց անունները... ի բաց առեալ երկու պապեր»:
* * *
Աշխարհաբարը հնարած է բացառել ներգործական բայը, որ բոլորովին համարժէք է գրաբարի «ի բաց առնուլ» կառոյցին եւ հականիշ է ներառել-ին:
Այս բայի ծիրէն ներս յառաջացած է գրաբարեան կաղապարով բացառեալ մակբայը, որ ունի շատ սակաւ կիրարկոիւթիւն եւ կը պահէ իր խօսքիմասային ծագումը, որ է ներգործական սեռի գործիական հոլով դերբայ մը, որ կը նշանակէ բացառելով. հականիշն է՝ ներառեալ/ներառելով: Օինակ՝
--Աքսորեցին բոլոր չափահասները՝ բացառեալ/բացառելով մանուկները:
* * *
Արդ, ո՞ւրկէ կը յառաջանայ «Մարմարա»-ի սխալը:
«Մարմարա»-ն շփոթած է բացառեալ մակբայը բացի նախադրութեամբ, որ, այո, բացառական հոլով խնդիր կը պահանջէ. օրինակ՝
--Անոնք փոխեցին իրենց անունները... բացի երկու պապերէ:
--Բոլոր ընկերներս ճամբորդեցին՝ բացի մէկէն:
--Անոնք կասկածեցան բոլորէն՝ բացի քեզմէ:
Զուգադրենք՝
--Ամէն ինչ ծախեցինք՝ ի բաց առեալ գիրքերը:
--Ամէն ինչ ծախեցինք՝ բացառեալ/բացառելով գիրքերը:
--Ամէն ինչ ծախեցինք՝ բացի գիրքերէն:
* * *
«Նոր Մարմարա»-ի նոյն թիւին մէջ կը գտնենք ուրիշ սովորական դարձած սխալ մըն ալ, որ է հագուիլ բայի ներգործական կիրարկութիւնը:
--«Կրօնաւորական սքեմը հագուելով արդէն փոխած էին իրենց անունը»:
Հագուիլ բայը չէզոք է եւ ուղիղ խնդիր չի կրնար առնել:
Պէտք է ըսել՝ «սքեմը հագնելով...»:
Մրցոյթ 28.
***Ինչպէ՞ս կը թօթափես հետեւեալին կրկնաբանութիւնը.
---Պատժամիջոցներու ջնջումը, մասնաւորաբար «Սիզըր»-ինը պատժամիջոցնե-րու ջնջումը պիտի նպաստէ ելեկտրականութեան ներածման («Ազդակ», 19/5/2025):
***Փորձէ՛ արտայայտել նոյն միտքը՝ առանց մօտ եւ կամք բառերուն:
---Իրանի եւ Եգիպտոսի մօտ քաղաքական եւ տնտեսսկան գործակցութիւնը պիտի ամրապնդեն ամրապնդելու կամք գոյութիւն ունի:
***Սրբագրէ՛ հետեւեալին քերականական սխալը:
---Պանդոկին, ուր իջեւանաած էի, տէրը գաղթական հայ մըն էր:
***Վերաշարադրէ՛ դարմանելով կրկնաբանութիւնը:
---Միացեալ Նահանգներ կ’ակնկալէ, որ բանակցութիւնները երկար ժամանակ չերկարաձգուին («Ազդակ», 5/6/2025, էջ 1):
***Հետեւեալին մէջ բառ մը ճիշդ չէ ընտրուած. փոխարինէ՛ զայն.+
---Եկեղեցիի, դպրոցի, ակումբի եւ այլ միութիւններու հաստատութիւններու կազմակերպումէն ետք երկրորդ փուլն էր այս («Պայքար», թիւ 428):
Ճիշդ պատասխանած են՝ Շաքէ Մանկասարեան (6), Գէորգ Եազըճեան (8), Միրնա Սիւլիւքճեան (5), Ցոլակ Ապտալեան (8,5), Համբարձում Յարթունեան (6), Գեղամ Խաչատրեան (6), Եփրեմ Թոքճեան (7), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (6), Պերճ Տէր Սահակեան (5):
Մրցոյթ 29.
***Հետեւեալին մէջ բառ մը սխալ կիրարկուած է, ուրիշ մըն ալ աւելորդ է.
---Արեւմտականներու հիմնական նպատակն է խարխլել շրջանին մէջ կացութիւնը («Ազդակ», 12/6/2025, էջ 8):
***Աւելի կիրթ շարադասութեամբ մը ըսէ՛ հետեւեալը՝ առանց որեւէ բառ փոխելու:
---Նախագահը տակաւին վճռակամ է Թեհրանին այդ նպատակը իրագործել չարտօնելու («Ազդակ», 12/6/2025, էջ 1):
***Հայեցի շարադասութեամբ ըսէ՛ հետեւեալը՝ միաժամանակ ջնջելով անկէ աւելորդ բառ մը:
---Նման արարքներ իսրայէլացի թշնամիին կը ծառայեն եւ հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութեան կը վնասեն («Ազդակ», 12/6/2025, էջ 8):
***Հայեցի շարադասութեամբ ըսէ՛ բառային հետեւեալ խաժամուժը՝առանց որեւէ բառ փոխելու.
---Բոլորին կոչ կ’ուղղենք՝ գերագոյն ազգային շահերուն կառչելու եւ զանոնք ամէն բանէ վեր դասելու («Ազդակ», 12/6/2025, էջ 8):
***Հետեւեալին երեք ընդգծուած բառերը փոխարինէ՛ երկու ուրիշներով.
---Երկու անջատ դէպքերու ընթացքին բնակիչները արգելք հանդիսացած են պարեկութիւն կատարող ուժերուն («Ազդակ», 11/6/2025, էջ 1):
Արմենակ Եղիայեան