Օրերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ եպիսկոպոսական օծում ստացած Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս. Պարսամեան: Ձեռնադրութենէն ետք իր աթոռը վերադարձին առաջնորդը ընդունուած է մեծ շուքով Ս. Վարդան Մայր տաճարին մէջ, ուր մատուցած է Ս. եւ անմահ Պատարագ: Ընդունելութեան ներկայ եղած են նաեւ շրջանի քոյր եկեղեցիներու հոգեւորականներ: Այս առթիւ առաջնորդ հայրը շահեկան գրառում մը կատարած է, եւ զայն կը ներկայացնենք ստորեւ։
![]()
«Շրջանի կրօնական առաջնորդները, որոնց հետ մենք բաժնեկից ենք ոչ միայն աշխարհագրութեամբ, այլ նաեւ սիրոյ եւ ծառայութեան յանձնառութեամբ, բոլորը Ս. Վարդան Մայր տաճարին մէջ ջերմօրէն ընդունեցին զիս, որպէս նորաօծ եպիսկոպոս եւ առաջնորդ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան հայոց թեմին :
Անոնց ներկայութիւնը վկայութիւնն էր հաւատքի միաւորող ուժին եւ համատեղ այն աշխատանքին, որուն կը ջանանք ձեռնարկել յանուն Աստծոյ փառքին եւ Տիրոջ ժողովուրդի բարօրութեան: Միասին աղօթեցինք Ս. Վարդան Մայր տաճարին մէջ, ապա հաւաքուեցանք Թեմական կեդրոնը ճաշելու: Մենք հաց կիսեցինք, մտքեր փոխանակեցինք եւ պատկերացուցինք ապագայ մը, ուր հաւատքը, սէրն ու ծառայութիւնը յարաճուն պիտի ըլլան։»
Այսպիսի հաւաքները կը յիշեցնեն մեզի, որ թէեւ մենք կրնայ ըլլալ պատկանինք տարբեր դաւանանքներու եւ աւանդոյթներու, սակայն մեր հիմնական առաքելութիւնը կը մնայ նոյնը՝ Աստծոյ սէրը դրսեւորել աշխարհին մէջ: Տիեզերական կապերու կոչը աւելի հրատապ է աշխարհի մը մէջ, որ բաժնուած է հակամարտութիւններով եւ կռիւներով: Մեզի յանձնարարուած է ըլլալ խաղաղութեան ճարտարապետներ, որպէսզի սերմանենք միասնութիւն պառակտուած աշխարհին մէջ։
Կ'ուզեմ իմ սրտագին շնորհակալութիւնը յայտնել մեր ուղղափառ քոյր եկեղեցիներու սրբազաններուն եւ Թրայսթէյթ (երեք հարեւան նահանգներու) տարածքին գտնուող տիեզերական եկեղեցիներու տարբեր իրաւասութիւններու ներկայացուցիչներուն: Ցանկութիւնս է միասնաբար աշխատիլ ծառայելու մեր համայնքներուն եւ վկայելու մեր հաւատքի մասին այսպիսի բացառիկ քաղաքի մը մէջ, ուր բազմաթիւ հաւատքներ, մշակոյթներ եւ լեզուներ կը ներդաշնակուին: Ես կ'աղօթեմ, որ մեր հաւաքական աշխատանքը ըլլայ հաւատքի եւ միասնութեան ձեւափողող ուժի կենդանի վկայութիւնը»:
![]()
![]()
![]()