image

«Միակ յարձակումը Փութինի ռազմատենչ հռետորաբանութիւնն է». Սպիտակ տան խօսնակ

«Միակ յարձակումը Փութինի ռազմատենչ հռետորաբանութիւնն է». Սպիտակ տան խօսնակ

Սպիտակ տան մամուլի խօսնակ Ճեն Փսաքին, հակադարձելով Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի յայտարարութիւններուն, թէ «ԱՄՆ-ն ու անոր դաշնակիցները յարձակողական են եւ Ուքրանիոյ սահմաններուն իրավիճակը կը լարեն», ըսած է, թէ փաստերը այլ բանի մասին կը խօսին։

«Փաստերը յստակ ցոյց կու տան, որ միակ յարձակումը, ինչ մենք կը տեսնենք Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ սահմանին, այդ ռուսերու ռազմական ուժի կուտակումն է եւ Ռուսաստանի նախագահին ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը», ըսած է ան։

Արձագանգելով նաեւ Փութինի ամէնամեայ ասուլիսի այն հատուածին, ուր ան խօսած էր Յունուարին նախատեսուող ԱՄՆ-ի հետ բանակցութիւներու մասին՝ Ճեն Փսաքին ըսած է, թէ «մենք նոյնպէս կը գտնենք, որ այդ լաւագոյն եւ ճիշդ ճանապարհն է յառաջ շարժելու»։

Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի նախագահներու հնարաւոր բանակցութիւններու մասին Սպիտակ տան խօսնակը ըսած է, թէ ժամկէտի ու վայրի հարցով վերջնական համաձայնութիւն չկայ, կ'աշխատին դիւանագիտական բանակցութիւններու ուղղութեամբ։

«Ռուսերու կողմէ ներկայացուած առաջարկներ կան, որոշներու հետ համաձայն ենք, որոշներու հետ ի հարկէ՝ ոչ», ըսած է Սպիտակ տան խօսնակը, նշելով որ կ'աշխատին վերջնական տեսքի բերելու ուղղութեամբ։