Հալէպի շուրջ ընթացող ծանր մարտերուն հետեւանքով փակուած է նաեւ մայրաքաղաք Դամասկոսը Հալէպին կապող միակ ցամաքային՝ Խանասէրի ճամբան: Ըստ «Արեւելք»ի ստացած տեղեկութիւններուն, այդ ճանապարհի փակումով Հալէպ զրկուած է տարրական սնունդի հիմնական ապրանքատեսակներէ, ինչպիսին են՝ միսը, բանջարեղէնն ու պտուղները: Մեր աղբիւրը կը փոխանցէ, թէ անցնող ժամերուն քաղաքին մէջ նոյնպէս զգալի դարձած է տարբեր տեսակի վառելանիւթի պակասը: Վառելանիւթի պակասին հետեւանքով, քաղաքի տարբեր շրջաններուն մէջ գործող եւ ելեքդրականութիւն մատակարարող շարժակները սկսած են սահմանափակել իրենց աշխատանքը: Հայկական շրջանները մատնուած են բաւական մտահոգիչ վիճակի մը: Սննդեղէնի հիմնական ապրանքներ վաճառող խանութներ այսօր ամբողջ օրը փակ պահած են իրենց դռները, իսկ Հալէպի հայկական թաղամասերը, ինչպէս ամբողջ Հալէպի շրջանները`եղած են լուռ եւ ամայի: Նշենք, որ 5 օրէ ի վեր Հալէպ կը գոյատեւէ առանց ջուրի, համացանցի եւ ելեքդրական հոսանքի: