image

Մհեր Գրիգորեան Տաւուշի համայնքապետերու հետ պիտի հանդիպի կառավարութեան շէնքին մէջ

Մհեր Գրիգորեան Տաւուշի համայնքապետերու հետ պիտի հանդիպի կառավարութեան շէնքին մէջ

Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան ապրիլի 22-ին Կառավարութեան շէնքին մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Տաւուշի մարզի շարք մը բնակավայրերու վարչական ղեկավարներու հետ։ «Արմէնփրէս»-ին այս մասին յայտնած են փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակէն։

«Փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը որեւէ հանդիպումից չի հրաժարուել, ի սկզբանէ պայմանաւորուածութիւն է ձեռք բերուել, որ հանդիպումը կայանալու է այսօր կառավարութեան շէնքում»,- փոխանցած են փոխվարչապետի գրասենեակէն:

Աւելի վաղ լրատուամիջոցները գրած էին, որ Մհեր Գրիգորեանը հրաժարած է մեկնելէ Տաւուշ՝ հակառակ պայմանաւորուածութեան։

Կառավարութեան մէջ փոխվարչապետի հետ հանդիպման պէտք է ներկայ ըլլան Նոյեմբերեանի քաղաքապետը, Բաղանիսի, Ոսկեպարի, Կիրանցի եւ Բերքաբերի գիւղապետերը, ինչպէս նաեւ քանի մը գիւղացիներ։

Ապրիլ 20-ին Կիրանց-Ոսկեպար հատուածին մէջ Հայաստան-Վրաստան միջպետական չճանապարհը փակած եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման վերաբերեալ պայմանաւորուածութեան դէմ բողոքող գիւղացիները յայտնած էին, որ ապրիլ 22-ին կը սպասուի հանդիպում փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի հետ։