Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է լիբանանահայ գործիչ Գառնիկ Մկրտիչեան։
Երկար տարիներ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետութիւնը ստանձնած Գառնիկ Մկրտիչեան կարողացած է ձեռներեցօրէն առաջնորդել Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը՝ իրականացնելով բազմապիսի ծրագիրներ եւ յաջողութեամբ պսակելով իր վրայ դրուած պարտականութիւնները։
Հանգուցեալը կարեւոր դեր ունեցած է ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին Հայաստանի մէջ վերընձիւղման առընթեր ու նաեւ որպէս կազմակերպիչ կարեւոր նպաստ բերած հայրենի տարբեր շրջաններուն մէջ ՀՄԸՄ-ի կեդրոններ հիմնադրելու առումով։ Նոյնպէս մեծ աշխատանք տարած է, որ աշխարհով մէկ տարածուած ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերը վերանորոգուին ու ստանան նոր աւիշ։
Գառնիկ Մկրտիչեան եղած է զինուորեալը ՀՅԴաշնակցութեան, ան պատանեկութեան օրերէն անդամակցած է ՀՅԴ Պատանեկան Միութիւններուն ու ապա, որպէս երիտասարդ դարձած է աշխոյժ ու գործունեայ անդամը ՀՅԴ երիտասարդական միաւորին՝ ՀՅԴ ԼԵՄ-ին։
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամենաթէժ օրերուն Գառնիկ Մկրտիչեան, իր սերնդակիցներուն հետ միասին յաջողութեամբ ու պատւով գլուխ հանած է լիբանանահայութեան ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը կազմակերպելու կարեւորագոյն գործը։
Ան նաեւ երեւելի դեր ստանձնած է լիբանանահայ գաղութային կեանքէն ներս, ըլլալով կազմակերպիչ, հոգատար եւ աշխատանքներուն մէջ խտիր չդնող նուիրական անձնաւորութիւն։
Իր ունեցած բազմաշնորհութեան ամէնէն ուշագրաւ կէտն անշուշտ բոլորին հետ ըլլալու, բոլորին հասնելու եւ բոլորը իրար միացնելու էական դերն էր, որուն համար ալ երկար ժամանակով պիտի յիշատակուի, ոչ միայն իր պաշտած կուսակցութեան՝ ՀՅԴ-ի շրջանակներէն ներս, այլ նաեւ համահայկական հարթակներու վրայ, հասնելով մինչեւ հեռաւոր Աւստրալիա, Միացեալ Նահանգներ- եւրոպական երկիրներ եւ անշուշտ մայր հայրենիք՝ Հայաստան ու հերոսական Արցախ։
Համահայկական մասշտաբի գործիչ էր Գառնիկ Մկրտիչեանը, որուն կորուստը այսօր կը սգայ համայն հայութիւնը, բայց մանաւանդ լիբանանահայութիւնը, որուն վերականգման աշխատանքներուն առընթեր գործեց մինչեւ վերջին շունչ։
Յարգանք իր յիշատակին։
Այս տխուր առթիւ «Արեւելք» իր խորազգաց վշտակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի ընտանիքի անդամներուն, ինչպէս նաեւ գաղափարի ընկերներուն եւ համայն լիբանանահայութեան։