image

Մեռնելէ ետք վերակենդանացում. Զարմանք առթող դէպք Երեւանի մէջ

Մեռնելէ  ետք վերակենդանացում. Զարմանք առթող դէպք Երեւանի մէջ

12 Մայիսին, Երեւանի մէջ առեղծուածային ու արտասովոր դէպք մը պատահած է։ Շտապօգնութեան  խումբը, Նոր-Նորքի 2-րդ զանգուածի մէջ գտնուող խնամքի կեդրոններէն մէկէն մահացած տղամարդ մը տեղափոխած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ բժշկական կեդրոն:

Դատաբժիշկը յայտնած է, որ արտաքին զննութեամբ դիակին վրայ բռնութեան հետքեր յայտնաբերուած չեն:

Գ. Շամշեանը յայտնած է, որ խնամքի կեդրոնէն տղամարդուն մահուան մասին տեղեկութիւնը փոխանցած են անոր հարազատներուն։ Մինչ հարազատները հիւանդանոց կու գային, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ բժշկական կեդրոնի բժիշկները հիւանդանոցի դիահերձարանէն տղամարդուն «դիակը»  տեղափոխած են վերակենդանացման բաժանմունք, երբ ան վերակենդանացած է։ 

Գ. Շամեանի տեղեկութեամբ, տղամարդը 76-ամեայ Վլատիմիր Մ.-ն է: