Գիշերը անցած է բնական ձեւով, մեզի հետ Ազատութեան հրապարակին մէջ բազմաթիւ քաղաքացիներ մնացած են, յայտնած են իրենց աջակցութիւնը:
Այս մասին այսօր լրագրողներուն հետ զրոյցին ըսաւ ԱԱԾ նախկին տնօրէն, «Հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավար Արթուր Վանեցեանը:
Հարցին, թէ ոստիկանութիւնը երէկ բանակցութիւններէն յետոյ թոյլ տուաւ վրան տեղադրել միայն երիտասարդներուն համար, որոնք հացադուլ յայտարարած են, իսկ Վանեցեանի համար թոյլ չի տար վրան տեղադրել, ո՞րն է խնդիրը, Արթուր Վանեցեանը պատասխանեց․ «Ոստիկանութեան պէտք է ուղղել այդ հարցերը, բայց չեմ կարծում, որ դա ոստիկանութեան որոշումն է, այլ քաղաքական իշխանութեան որոշումն է: Նրանք տեսնելով, որ Ազատութեան հրապարակում մեկնարկած շարժումը ոչ թէ օր օրի, այլ ժամ ժամի թափ է հաւաքում, փորձում են որեւէ կերպ կասեցնել շարժման ընթացքը, բայց ես համոզուած եմ, որ չի յաջողուելու: Ես այստեղ եկայ միայնակ, հիմա Ազատութեան հրապարակը բազմամարդ է, տարբեր քաղաքական հայեացքների ու նախասիրութիւնների տէր մարդիկ են գալիս այստեղ»:
Հարցին, թէ ԱԱԾ նախկին փոխտնօրէն Միքայէլ Համբարձումեանը նշած է, որ Արթուր Վանեցեանը երկրի անվտանգային հարցերուն վերաբերող խնդիրներ կը բարձրաձայնէ եւ ԱԱԾ տնօրէնը պէտք է այցելէ անոր, հանդիպման առաջարկ կամ այց եղա՞ծ է, Արթուր Վանեցեանը ըսաւ․« Ճիշդ է նշում Միքայէլ Համբարձումեանը, որ անվտանգային հարցեր են, բայց ԱԱԾ գործող տնօրէնի` իմ հետ կապ հաստատելու, կամ գալու որեւէ առաջարկ չի եղել»:
Արթուր Վանեցեանը եւս մէկ անգամ նշեց, որ Ազատութան հրապարակին մէջ պայքար է յանուն հայրենիքի, եւ կոչ ըրաւ երթալու Ազատութեան հրապարակ: