ԱԺ խորհուրդի երէկ երեկոյեան կայացած հերթական նիստին ի թիւս այլ հարցերու ներառուած եղած է նաեւ միջպետական տարբեր պատուիրակութիւններու կազմերուն մէջ ու խորհրդարանական բարեկամական խումբերուն մէջ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան արդէն նախկին պատգամաւոր Արթուր Վանեցեանu խմբակցութեան գործող անդամներով փոխարինելու հարցերը։
Ինչպէս յայտնած են Ազգային Ժողովէն, Վանեցեանին փոխարինելու հարցերն Ազգային Ժողովի խորհուրդի նիստին այդպէս ալ չեն քննարկուած, քանի որ ընդդիմադիր «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնը չէ մասնակցած իր առաջարկած նախագիծերու քննարկման։
«Քանի որ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան անդամները չէին մասնակցում խորհրդի նիստին, որոշուել է այդ հարցերի քննարկումը յետաձգել»,–ըսուած է ԱԺ–ի հաղորդագրութեան մէջ։
ԱԺ խորհուրդի օրակարգին մէջ ընդգրկուած, բայց այդպէս ալ չքննարկուած նախագիծերէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի ու Արցախի Ազգային ժողովներու միջխորհրդարանական համագործակցութեան յանձնաժողովին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի ու Ռուսիոյ Դաշնային ժողովի միջխորհրդարանական յանձնաժողովին «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնն առաջարկած էր Արթուր Վանեցեանը փոխարինել Հայկ Մամիջանեանով։
ԱՊՀ միջխորհրդարանական վեհաժողովին ու ՀԱՊԿ խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ ՀՀ ԱԺ պատուիրակութեան կազմին մէջ նոյնպէս «Պատիւ ունեմը» Արթուր Վանեցեանի փոխարէն առաջադրած է Հայկ Մամիջանեանի թեկնածութիւնը։
Բացի այդ առաջարկուած էր նաեւ ԱԺ շարք մը միջխորհրդարանական բարեկամական խումբերուն մէջ Արթուր Վանեցեանի փոխարէն ընդգրկել խմբակցութեան գործող անդամները. Հայաստան-Գերմանիա, Հայաստան-Իրաք, Հայաստան-Մեքսիքա, Հայաստան-Զուիցերիա, Հայաստան-Սլովաքիա, Հայաստան-Վիեթնամ, բարեկամական խումբերուն մէջ` Մարտուն Գրիգորեանը, Հայաստան-Իրան բարեկամական խումբին մէջ` Տիգրան Աբրահամեանը, Հայաստան-Վրաստան բարեկամական խումբին մէջ` Տարօն Մարգարեանը։
Հայաստան-Սինկափուր բարեկամական խումբին մէջ Արթուր Վանեցեանը նաեւ խումբի ղեկավարն էր, ուստի այդ պաշտօնին անոր փոխարէն «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնն առաջադրած էր Հայկ Մամիջանեանի թեկնածութիւնը։
ՀՀ ԱԺ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան արդէն նախկին ղեկավար Արթուր Վանեցեանը 21 յունիսին յայտարարած է, որ կը հրաժարի պատգամաւորական լիազօրութիւներէն։