Օրերս Հայաստանի հանրային հեռուստակայանի «Մերոնք» ծրագիրը նուիրուած էր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանին:
Հաղորդման ընթացքին սրբազան հայրը խօսեցաւ տարբեր թեմաներու մասին, սկսելով իր մանկութենէն հասնելով մինչեւ մեր օրերը:
Ան անդրադառնալով իր մանկութեան օրերուն մասնաւորապէս նշեց,- «Մանկութեանս ամէնէն ուշագրաւ պատմութիւններէն մին եղած է այն, որ 6 ամիս առանց անունի մնացած եմ, որովհետեւ ծնողներս այնքան ազգասէր եղած են, որ ուզած են զուտ հայկական արմատներ ունեցող անունով մը կոչեն զիս եւ պրպտումներէ ետք հայրս որոշած է, զիս անուանակոչել՝ Ուրարտու»:
Սրբազանը շարունակելով իր խօսքը ըսաւ թէ 1997-ին ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք, որպէս նախապատրաստականի աշակերտ եւ 9 տարի ետք 2006-ին ստանձնած է կուսակրօնութեան պաշտօնը վերանուանուելով Մեսրոպ աբեղայ: 2006-էն մինչեւ 2013-ին, (այն ատեն վարդապետ) Հոգշ. Տ. Մեսրոպ վարդապետը եղած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի գաւազանակիրը: Ան վարած է զանազան պաշտօններ Կաթողիկոսարանէն ու Դպրեվանքէն ներս, անոնց կարգին՝ Գրաբարի եւ Հայոց Պատմութեան դասախօս ՝Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Զարեհեան Դպրեվանքէն ներս։ Հետեւած է Արաբական գրականութեան ճիւղին Լիբանանի Համալսարանէն ներս, նաեւ 2011-2013-ին եղած է Աստուածաբանութեան եւ Իսլամագիտութեան ուսանող Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանէն ներս, սակայն ուսումը թերաւարտ մնացած է, որովհետեւ 2013-ին նշանակուած է կաթողիկոսարանի փոխանորդ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի հայոց Թեմի:
Սրբազան հայրը ներկայացուց Շարժայի հայկական համալիրի եւ եկեղեցւոյ շինութեան պատմութիւնը, սկսեալ 1993-էն, երբ Գարեգին Կաթողիկոս Ծոցի շրջան այցելութեան ժամանակ կառավարիչէն հողաշերտ մը խնդրած Շարժայի մէջ մինչեւ 1998 երբ տեղի ունեցած է բացումը եւ օծումը Հայկական համալիրին, ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին: Համալիրի շէնք փոխադրուած է նաեւ «Օհաննէսեան Ազգային Միօրեայ վարժարան»ը:
1998-ին երբ Արամ Ա. Կաթողիկոսը ացելած է շրջան եւ օծումը կատարած Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ, հանդիպելով Շարժայի կառավարիչին հետ պահանջած է հողաշերտ Ապու Տապիի հայ համայնքին համար: 2012-2014-ին կառուցուած է այնտեղ մեծ տաճար մը իր համալիրով: «Եւ նկատի ունենալով որ կը գտնուէինք Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի շէմին, Արամ Ա. Կաթոիկոսի տնօրինութեամբ եկեղեցին կը կոչուի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցի ի յիշատակ մեր 1,5 միլիոն նահատակներուն: Ազգ. Առաջնորդարանը կը հաստատուի հոն: Միօրեայ Ազգային վարժարանը կը փոխադրուի իր սեփական շէնքը եւ կ'անուանուի Արա Խանոյեան Ազգային միօրեայ վարժարան»:
Ինչ կը վերաբերի Քաթարին, սրբազանը ըսաւ թէ առաջնորդն ու հոգեւոր պետերը այցելութիւններ կը կատարեն այնտեղ ու Ս. Պատարագ կը մատուցեն: Ազգ. վարժարան գոյութիւն ունի, բայց տակաւին չեն յաջողած սեփական հող ունենալ:
Սրբազանը պարզաբանեց թէ, մինչեւ 2013 թուական թեմը հովանաւորուած եւ առաջնորդուած էր Քուէյթի եւ Ծոցի հայոց թեմի կողմէ: «2013 թուականին նախապատրաստական աշխատանքներու համար թեմի հիմնական մէկ միաւորի ընթացքէն երկու միաւորի փոխադարձնելու առիթով կը նշանակուիմ, որպէս կաթողիկոսական փոխանորդ»,- շարունակեց սրբազանը:
Նկատի ունենալով Ծոցի տարածաշրջանի հայահոծ թիւը, անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի երկու առաջնորդարանի, հոգալու հայերու կարիքները: «2015-ին Վեհափառ հայրապետի սրբատառ կոնդակով կ'ունենանք երկու թեմ՝ Քուէյթի եւ շրջակայից թեմ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի թեմ»:
«Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը առաջին օրէն մինչեւ օրս եղած է հայապահպանութիւն եւ քրիստոնէական դաստիարակութիւն ջամբել մեր ժողովուրդին անոնց հաւատքի ամրապնդման: 40 տարիներու վրայ երկարող պատմութիւն ունեցող հայ այս գաղութներէն ներս հիմնական աշխատանքը հայութիւնը փրկելն է ձուլումէ, եւ կրցած ենք այդ մէկը յաջողութեամբ իրագործել մինչեւ օրս», ըսաւ ան:
Ըստ սրբազանին՝ Սփիւռքին համար կարեւոր կռուաններէն մին է Հայաստանը: Հայաստանի մէջ հայ ըլլալը ամէնօրեայ պայքար չէ, բայց սփիւռքի մէջ ամէնօրեայ պայքար է: «Մեր հոգիները, մեր սրտերը, մեր հայեացքը ուղղուած է դէպի հայրենիք եւ հայրենիքէն ուժ առնելով, սնունդ առնելով մենք կը փորձենք այդ զգացումներով, այդ կապուածութեամբ դաստիարակել մեր գալիք սերունդները: Սակայն մեր սպասումն է, որ հայրենիքը այդ յուսադրող, լուսաւորող եւ առաջնորդող դերակատարութիւնը ունենայ սփիւռքի կեանքէն ներս: Ինչպէս մնայուն կերպով երբ կ'աղօթենք, դէպի երկինք կը նայինք որպէսզի մեր հոգեւոր ծարաւը յագեցնենք, նաեւ երբ ազգային ջերմութիւն կ'ուզենք ստանալ դէպի հայրենիք կը նայինք յագեցնելու մեր ազգային ջերմութիւնը»,- եզրափակեց սրբազանը:
Մանրամասնութիւնները տեսանիւթի մէջ: