image

«Մեր դիրքը միայն կեանքի գնով կու տանք»․ Ջերմուկի մէջ նահատակուած Անդրանիկ Վարդանեան (Լուսանկարներ)

«Մեր դիրքը միայն կեանքի գնով կու տանք»․ Ջերմուկի  մէջ նահատակուած Անդրանիկ Վարդանեան (Լուսանկարներ)

12 սեպտեմբերի լոյս 13-ի գիշերը ատրպէյճանական յարձակումի հետեւանքով զոհուած է պարտադիր ժամկէտային զինծառայող՝ Անդրանիկ Վարդանեան։

19-ամեայ Անդրանիկը փետրուարին պէտք է զօրացրուեր։ Ան վարորդ էր, եւ կը ծառայէր Ջերմուկ։

«13-ի առաւօտեան զանգահարել է հօրը, ասել է՝ մի մտածէք, ես եւ ընկերներս մեր դիրքը չենք թողնի, եթէ թողնենք էլ, միայն մեր կեանքի գնով։ Մեր դիրքից յետոյ Երեւանն է։ 13-ից յետոյ մենք Անդրանիկից տեղեկութիւն չենք ունեցել մինչեւ ԴՆԹ-ի (DNA) պատասխանը գալը»,- Պատմած է Անդրանիկի հօրեղբայր՝ Նարեկ Վարդանեան։

Անդրանիկը եղած է 20 սեպտեմբերին Հայաստանին փոխանցուած 95 զոհուած զինծառայողներու մէջ։ Ան զոհուած է գլուխի հատուածը ստացած բեկորային վնասուածքներէն։

Անդրանիկ Երեւանէն էր, կը փափաքէր ճարտարապետ դառնալ։ Ան յուղարկաւորուած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնը։

Նիւթը՝ NEWS.am-էն: