image

Մեր առաջնահերթութիւնը պատերազմը դադրեցնելն է. ՀԱՄԱՍ-ի ներկայացուցիչ

Մեր առաջնահերթութիւնը պատերազմը դադրեցնելն է. ՀԱՄԱՍ-ի ներկայացուցիչ

ՀԱՄԱՍ շարժման քաղաքական բիւրոյի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէն յայտարարած է, որ այժմ իրենց առաջնահերթութիւնը Կազայի հատուածին մէջ պատերազմը դադրեցնելն ու ներխուժող ուժերը Կազայէն դուրս բերելն է։ Այս մասին գրած է «Tasnim» գործակալութիւնը:

Անոր խօսքով՝ Պաղեստինի դիմադրութեան շարժումը պատրաստ է ընդունելու որեւէ լուրջ եւ գործնական ծրագիր կամ գաղափար՝ պայմանով, որ այն յանգեցնէ «Սիոնիստական ռեժիմի» (Իսրայէլ) յարձակման ամբողջական դադրեցման եւ ապաստան տրամադրէ պաղեստինեան ժողովուրդին։

«Մեր միւս պայմաններն են աւերակներու վերակառուցումը, Կազայի շրջափակման վերացումը եւ գերիներու փոխանակման գործընթացի աւարտը, որ պէտք է երաշխաւորէ պաղեստինցի հերոս բանտարկեալներու ազատ արձակումը», -ըսած է Հանիէն։