image

Մեքսիքոյի մէջ յանցախումբերու «պատերազմ». Կան զոհեր

Մեքսիքոյի մէջ յանցախումբերու «պատերազմ». Կան զոհեր

Մեքսիքոյի մէջ յանցախումբերէն մէկը հրապարակած է ցնցիչ տեսանիւթ, որուն մէջ կ'երեւի, թէ ինչպէս անոր անդամները անտառին մէջ կը գնդակահարեն հակառակորդ յանցախումբի 20 անդամ՝ անոնց կողք-կողքի շարք կանգնեցնելով:

Դէպքը տեղի ունեցած է երկրի հարաւարեւմտեան հատուածին՝ Կուերերօ նահանգին մէջ:

Los Tlacos յանցախումբի անդամները հակառակորդ La Bandera յանցախումբը մեղադրած են «անմեղ մարդիկ կտտանքներու ենթարկելու եւ սպաննելու համար», որմէ յետոյ անոնց ստիպած են ծունկի գալ ու գնդակահարած են:


Այնուհետեւ սպաննուածներէն առնուազն չորսին դիակը յայտնաբերուած է Իկուալա քաղաքի քաղաքապետի նախընտրական գրասենեակին մօտ: Միւս դիերը չեն յայտնաբերուած: