image

«Մենք այսօր վտանգուած ենք».Կարէն Մկրտիչեան

 «Մենք  այսօր վտանգուած ենք».Կարէն Մկրտիչեան

Նոր պատերազմի վտանգը իրական է, եւ այս պայմաններուն Նիկոլի իշխանութիւնը հանդուրժելը այլեւս կը համարեմ ինքնասպանութեան երթալու որոշում: Այն միամիտ վարկածը, թէ միջազգային սահմաններու անձեռնմխելիութեան շնորհիւ ՀՀ տարածքը ապահով է մեզի համար, արդէն այս շաբաթ յօդս ցնդած է:  

Ուրեմն, կամ այս ապիկար դասալիք իշխանաւորները կը հեռացուին անյապաղ, կամ մեր ընտանիքներու կեանքը կը վտանգենք լուրջ ձեւով: Ես անձամբ պատրաստ չեմ իմ երեխաներու ու միւս բոլոր հայ երեխաներու կեանքը լուրջ ձեւով վտանգել:

Հայրենադարձ     գործարար, հասարակական գործիչ՝ Կարէն Մկրտիչեան կը գրէ ՝

Ահա 2 տարի է Նիկոլն ու իր վարչախումբը չեն կրցած մեր բանակի կարիքները հոգալ, նոյնինքն Նիկոլի խոստովանանքով, չեն կրցած զէնք առնել:

Փոխանակ մեր զինուորներու ու ընտանիքներու պաշտպանութիւնը ապահովեն, իրենք իրենց պարգեւավճարներ կու տան ու փառատօն կը կազմակերպեն:

Թշնամին մեր քաջարի զինծառայողները կենդանաբար կը խոշտանգէ եւ այս մարդիկ դեռ խաղաղութեան օրակարգի մասին կը խօսին: 

Վերջին քանի մը օրուայ 150-էն աւելի պայծառ տղաներուն զոհաբերուելու հիմնական պատճառը եղած է դիրքերու ոչ պատշաճ կահաւորումը: Իրենք 2 տարի ունէին կահաւորելու սահմանագիծը, որ մեր հերոս զինուորը պաշտպանուած ըլլար, փոխարէնը Միկոնոս գացած են ու գինիի փառատօն կազմակերպած: 