Հայաստանի մէջ ԵՄ առաքելութիւնը թուիթըրի էջին գրառում կատարած է:
«Մենք ամէն օր պարեկութիւն կ'իրականացնենք Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի երկայնքով՝ Հայաստանի տարածքին, ներառեալ Լաչինի միջանցքի մուտքը՝ Պրիւքսէլին զեկուցելու ռազմական եւ անվտանգութեան ոլորտի մէջ նոր զարգացումներու մասին։
ԵՄ քաղաքացիական առաքելութեան անաչառ հաշուետւութիւնն ուղղակիօրէն կը նպաստէ Եւրոմիութեան առաջնորդութեամբ Հարաւային Կովկասի մէջ ընթացող խաղաղ գործընթացին»,-ըսուած է գրառման մէջ: