Մեկնարկած են Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ զինուած ուժերու «Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրք 2023» համատեղ մարտավարական զօրավարժութիւնները, որոնք պիտի կայանան տարբեր ուղղութիւններով, այդ շարքին՝ Պաքու քաղաքի, Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան եւ բռնագրաւուած Արցախի տարածքներու մէջ:
Ինչպէս յայտնած է Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը, զօրավարժութիւններուն ներգրաւուած են երկու երկիրներու տարբեր տիպի զօրքերու՝ ընդհանուր առմամբ մինչեւ 3 հազար հոգինոց անձնակազմ, 130 միաւոր զրահամեքենայ, մինչեւ 100 հրետանային զինատեսակ, աւելի քան 20 օդային եւ թռիչքային սարք, ճարտարապետական սարքաւորումներ:
Զօրավարժութիւններուն հիմնական ուշադրութիւնը պիտի յատկացուի զօրքերու փոխգործակցութեան մարտական համակարգուածութեան ապահովման։
Զօրավարժութիւնները պիտի տեւեն մինչեւ հոկտեմբեր 25-ը: