Մէկ օրուայ ընթացքին վարչապետի հրաժարականի պահանջի յայտարարութեան միացած է աւելի քան 500 փաստաբան: Այս մասին կը յայտնէ Փաստաբաններու պալատի նախագահ՝ Արա Զօհրապեան։
Փաստաբանները տարածած են յայտարարութիւն մը նշելով այն կարեւոր կէտերը, որոնց համար Փաշինեան պէտք է անյապաղ կերպով հրաժարի իր պաշտօնէն։