image
Հրատապ լուրեր:

Մայր Աթոռէն յորդոր` «չտրուել սադրանքներին»

Մայր Աթոռէն յորդոր` «չտրուել սադրանքներին»

Հոգեւորականները, ինչպէս քաղաքական զանգուածային նախընթաց միջոցառումներուն, ներկայ եղան երէկուայ հանրահաւաքին` հնարաւոր լարուածութիւնները մեղմելու եւ հանդարտութեան մթնոլորտի պահպանմանը նպաստելու համար: Այս մասին յայտնած են Մայր Աթոռի տեղեկատուական կեդրոնէն:

«Հոգեւորականները, ինչպէս քաղաքական զանգուածային նախընթաց միջոցառումներին, ներկայ են լինելու նաեւ այսօրուայ հանրահաւաքին` հնարաւոր լարուածութիւնները մեղմելու եւ հանդարտութեան մթնոլորտի պահպանմանը նպաստելու համար: Մայր Աթոռը յորդորում է հանրահաւաքի մասնակիցներին եւ իրաւապահ մարմինների ներկայացուցիչներին հանդէս բերել զգօնութիւն ու խիստ պատասխանատուութիւն եւ զերծ մնալ սադրանքներին տրուելուց: 

Աղօթում ենք Հայաստան եւ Արցախ մեր հայրենիքի ապահովութեան ու անվտանգութեան, մեր ժողովրդի բարօր կեանքի համար», ըսուած է յայտարարութեան մէջ: