image

Մարտունիի մէջ հրադադարի խախտում

Մարտունիի մէջ հրադադարի խախտում

Մարտունիի շրջանին մէջ արձանագրուած է հրադադարի մէկ խախտում։ Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը ՌԴ խաղաղապահներու գործունէութեան ամէնօրեայ տեղեկագրին մէջ։

Տեղեկագրի համաձայն՝ տուժածներ չկան։

«Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը ատրպէյճանական եւ հայկական կողմերու հետ հետաքննութիւն կ'իրականացնէ այս փաստի առնչութեամբ։

Մարտակերտի, Մարտունիի շրջաններու եւ Լաչինի միջանցքի մէջ պարէկութիւն իրականացուած է երեք երթուղիներով»,- նշուած է տեղեկագրին մէջ։