Արցախի Մարտակերտի շրջանին մէջ արձանագրուած է հրադադարի մէկ խախտում: Այս մասին յայտնած է ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութիւնը ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի ամէնօրեայ տեղեկագրին մէջ:
«Տուժածներ չկան։ Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը ատրպէյճանական ու հայկական կողմերու հետ հետաքննութիւն կ'իրականացնէ փաստի առնչութեամբ»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։