Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ առաջադրանքներ իրականացնել Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ: Երեսուն դիտակէտերու մէջ ռուս խաղաղապահները շուրջօրեայ կը վերահսկեն իրավիճակը եւ հրադադարի ռեժիմի պահպանումը։ Մարտակերտի շրջանին արձանագրուած է հրադադարի ռեժիմի մէկ խախտում:
Այս մասին ըսուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Պաշտանութեան նախարարութեան տեղեկագրին մէջ: Նշուած է, որ զոհեր եւ վիրաւորներ չեն եղած:
Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը ատրպէյճանական եւ հայկական կողմերու հետ հետաքննութիւն կ'իրականացնէ այս փաստի առնչութեամբ։