image

Մարտ 14–18 Հայաստանի պիտի կազմակերպուի «Մանուշեանական շաբաթ»

Մարտ 14–18 Հայաստանի պիտի կազմակերպուի «Մանուշեանական շաբաթ»

Մարտ 14-18, Երեւանի եւ Արտաշատի մէջ պիտի կազմակերպուի «Մանուշեանական շաբաթ»՝, նուիրուած Միսաք Մանուշեանին եւ ֆրանսական դիմադրութեան շարժումի անոր զինակիցներուն:

Ձեռնարկի նպատակն է վերաիմաստաւորել Մանուշեանի ժառանգութիւնը, ընդգծել անոր դերը համաշխարհային դիմադրութեան շարժումին մէջ եւ խթանել ֆրանսական եւ հայկական պատմամշակութային երկխօսութիւնը։

Ձեռնարկներու շարքը կ՚ընդգրկէ թատերական ներկայացումներ, գիտաժողովներ, ցուցահանդէսներ, վաւերագրական ժապաւէններու ցուցադրութիւններ եւ քննարկումներ: Մասնաւորապէս՝ տեղի պիտի ունենան «Միսաք Մանուշեան․ ականատեսի աչքերով» գիրքի եւ «Մանուշեան․․․» թատերգութեան շնորհահանդէսները, Շոշանա Բուխոբզայի «Մանուշեան» ներկայացման անդրանիկ խաղարկութիւնը, Քաթիա Կիրակոսեանի «Միսաք եւ Մելինէ» վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւնը եւ այլն:

Բոլոր ժապաւէնները պիտի ցուցադրուին հայերէն ենթագրերով։ Ֆրանսացի բանախօսներու ելոյթները պիտի ունենան միաժամանակեայ թարգմանութիւն։ Ձեռնարկներու մուտքը ազատ պիտի ըլլայ հանրութեան համար։

Ծրագիրը կ՚իրագործուի Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի նախարարութեան, Երեւանի քաղաքապետարանի, Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութեան, ֆրանսական Օվերնեը–Ռոն Ալփի շրջանի եւ Լիոնի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ՝ ֆրանսական «Saté-Âtre» թատերական միութեան եւ «ԱՐԹ– ԻՄԱԺ» մշակութային կազմակերպութեան կողմէ:

Ծրագրի աջակիցներն են Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութիւնը եւ Հայաստանի ֆրանսական հիմնարկը, «ArLeAM AERO», «Գառֆուր» ընկերութիւնները։ Գործընկերներն են «Ե. Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի պետական թանգարանը, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը, «Մեսրոպ Մաշտոց» Մատենադարանի հին ձեռագրերու գիտահետազօտական հիմնադրամը, Հայաստանի շարժանկարի գործիչներու միութիւնը, Արտաշատի «Ամօ Խարազեան» պետական դրամատիկական թատրոնը, Ֆրանսայի Պանթէոնը, «Ռոժէ Վիոլէ» պատկերասրահը, Հայաստանի մէջ ֆրանսական համալսարանը, «Ալեֆ» հրատարակչատունը։