image

Առաւօտեան վաղ ժամերէն բողոքի գործողութիւններ պիտի կազմակերպուին

Առաւօտեան վաղ  ժամերէն բողոքի գործողութիւններ  պիտի կազմակերպուին

«Դիմադրութիւն» շարժումը այսօր առաւօտեան ժամը 08:00-էն, ողջ մայրաքաղաքին մէջ կը վերսկսի անհնազանդութեան խաղաղ գործողութիւնները, այս մասին յայտարարեց ԱԺ փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեանը` տեղեկացնելով, որ պիտի փակեն փողոցներ եւ պիտի անդամալուծեն մայրաքաղաքի ամբողջ երթեւեկութիւնը:

Իշխան Սաղաթէլեանը կոչ ըրաւ պետական ոլորտի աշխատողներուն, ուսանողներուն, որ իրենց գործատուներուն, դասախօսներուն տեղեկացնեն, որ պիտի չերթան աշխատանքի, դասի եւ միանան ընդդիմութեան պայքարին:

«Նիկոլ Փաշինեանի հեռացման հանրային պահանջը ձեւակերպուած է, դա այլեւս ակնյայտ փաստ է: Մենք այս գործողութիւնների միջոցով այդ հանրային պահանջը պէտք է ամէնօրեայ ռեժիմով փաստենք, ցոյց տանք, որ ինքն այլեւս երկրում իշխանութիւն չունի, երկրում իշխանութիւնը այլեւս պատկանում է ժողովրդին, կայ իրական երկիշխանութիւն եւ օր առաջ պէտք է հեռացնել այս չարիքի կառավարութեանը, որոնց վաղուց չեն սպասարկում Հայաստանի, Արցախի եւ առհասարակ մեր ժողովրդի շահերը», ըսաւ ան: