image

Մարմին, Միտք, Հոգի.Ներկայ իրականութիւնը եւ մենք

Մարմին, Միտք, Հոգի.Ներկայ իրականութիւնը եւ մենք

Համացանցը լեցուն է նիւթերով, յօդուածներով եւ գիրքերով, որոնց ընթերցումը եւ կիրառումը կրնայ օգնել շատերուն՝ կենցաղային բարեփոխման, ապրելակերպի բարելաւման, կամ կեանքի մէջ որոշ հաւասարակշռութիւն մը՝ կայունութիւն մը ստեղծելու մէջ, սակայն հայերէն լեզուով շատ չնչին տեղեկութիւն կը գտնենք այս իմաստով։ 

Հետեւաբար, «Մարմին, Միտք, Հոգի» յօդուածաշարքով, պիտի փորձենք ամփոփ տողերու մէջ որոշ տեղեկութիւններ փոխանցել, թէ ինչ ձեւերով կամ միջոցներով կրնանք հոգ տանիլ մեր էութեան՝ մարմնին, մտքին եւ հոգիին։

 

Կ՚ապրինք դարու մը մէջ, ուր ամէն բան կ՚ընթանայ եւ կը փոխուի արագ սլացքով, եւ մենք հեւիհեւ կը փորձենք քայլ պահել անոր հետ՝ յաճախ ետ մնալով եւ երբեմն կորսնցնելով մեր ուղղութիւնը, յառաջացած թոհուբոհին մէջ։

 

Այսօրուան մեր իրականութեան մէջ կը տեսնենք, որ ճիշդն ու սխալը, իսկականն ու երեւակայականը, մաքուրն ու կեղտոտը... յաճախ խառնուած են իրարու, յատկապէս տեղեկատւութեան մարզէն ներս։

 

Մեր աշխարհը դարձած է ապականած վայր մը, թէ՛ առարկայական եւ թէ՛ ենթակայական իմաստով։ Աշխարհ մը, ուր կան շա՜տ բարիքներ, բայց միայն քիչերուն համար՝ կայ արդարութիւն։

 

Աշխարհի «մեծ ուժ»երու պայքարը այնքան «բազմաճիրան», բազմաճիւղ եւ բազմաշերտ դարձած է, որ սովորական՝ իր օրուան ապրուստով զբաղող քաղաքացին անգամ, կամայ թէ ակամայ կը տագնապի այս հարցերով, կարծէք, թէ իր առօրեայ տառապանքները բաւարար չեն...։ 

 

Այս ամէնուն մէջ, կանք մենք՝ հայերս, Հայաստանի տարածքին ապրող, թէ աշխարհի չորս անկունը սփռուած, որ ոչ միայն կը դիմակայենք վերոնշեալ եւ այլ՝ տարատեսակ դժուարութիւններ, իւրաքանչիւրս իր ապրած միջավայրին՝ երկրին մէջ, այլեւ անոնց եկաւ աւելնալու մեր էութեան խորքը ցնցող, Ցեղասպանութիւնը վերապրեցնող Արցախի պատերազմն ու արցախահայութեան տեղահանութիւնը։

 

Իբրեւ հայ անհատներ, ինչպէ՞ս կը տանինք այս հսկայ ծանրութիւնը, որ ամենօրեայ դրութեամբ կը ճնշէ մեր հոգիին, մեր մտքին եւ մեր մարմնին վրայ։ Անհատական, թէ հաւաքական միջոցներու կը դիմե՞նք մեր հոգեմտաւոր առողջութիւնը բարելաւելու համար։

 

Համացանցը լեցուն է նիւթերով, յօդուածներով եւ գիրքերով, որոնց ընթերցումը եւ կիրառումը կրնայ օգնել շատերուն՝ կենցաղային բարեփոխման, ապրելակերպի բարելաւման, կամ կեանքի մէջ որոշ հաւասարակշռութիւն մը՝ կայունութիւն մը ստեղծելու մէջ, սակայն հայերէն լեզուով շատ չնչին տեղեկութիւն կը գտնենք այս իմաստով։ 

 

Հետեւաբար, «Մարմին, Միտք, Հոգի» յօդուածաշարքով, պիտի փորձենք ամփոփ տողերու մէջ որոշ տեղեկութիւններ փոխանցել, թէ ինչ ձեւերով կամ միջոցներով կրնանք հոգ տանիլ մեր էութեան՝ մարմնին, մտքին եւ հոգիին։

 

Նայիրի Տաղլեան

 

 

 

 

 

 

Նայիրի Տաղլեան

Նայիրի Տաղլեան

Լիբանանահայ մանկավարժ, գրող, մշակութային եւ հ...